image

Գերմանիա հերքած է Ուքրանիոյ ուղղուելիք ռազմական նեցուկը դադրեցնելու մասին լուրերը

Գերմանիա հերքած է Ուքրանիոյ ուղղուելիք ռազմական նեցուկը դադրեցնելու մասին լուրերը

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց հերքած է մեղադրանքները, թէ Գերմանիան կը ծրագրէ նուազեցնել Ուքրանիոյ աջակցութիւնը։

Անոր խօսքով, «ընդհանրապէս ոչինչ» կրնայ սասանել Քիեւին օգնութիւն տրամադրելու Գերմանիոյ խոստումը։

Ներկայ բանավէճն այն մասին, որ Պերլին մտադիր է նուազեցնել Ուքրանիոյ ռազմական աջակցութիւնը, կը զարմացնէ զինք։

Շոլց յիշեցուցած է, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ծրագրած է 4 միլիառ եւրօ յատկացնել Քիեւին յաջորդ տարուան ռազմական օգնութեան համար, ինչ որ ամենամեծ գումարն է բոլոր եւրոպական երկիրներուն միջեւ։