image

Գերմանիոյ մէջ. Մանուկներու յատուկ ամառնային ճամբար

 Գերմանիոյ մէջ.  Մանուկներու յատուկ  ամառնային ճամբար

Օրհնութեամբ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ եպս. Իսախանեանին տեղի  օրերս տեղի ունեցած է  մանուկներու յատուկ ճամբար մը։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս կը գրուի ՝

  28 Յուլիս 2024-ին, Գերմանիոյ Վալլենդար քաղաքի երիտասարդական կրթական կեդրոնին մէջ ընթացք առած էր Գերմանիոյ Հայոց Թեմի կազմակերպած Մանկական ամառային ճամբարը, եւ որուն կը մասնակցէր 8-14 տարեկան 52 երեխաներ։

  Մէկ շաբաթ տեւող այս ճամբարի ընթացքին մասնակցող երեխաները առիթը ունեցան միասին սորվելու, երգելու, խաղալու, իրար հետ մտերմանալու, եւ նոր ընկերութիւններ հաստատելու։

  Ճամբարի առօրեայի առաջին կէսը յատկացուած էր դասընթացներու, ուր երեխաները կ’ունենային հայերէնի եւ կրօնի դասեր, յետմիջօրէի ժամերը տրամադրուած էին զանազան ժամանցային եւ մարզական խաղերու, իսկ երեկոյեան երեխաները խանդավառ մթնոլորտի մէջ կը սորվէին հայկական երգեր ու պարեր։

  Թեմիս Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Սերովբէ Եպս․ Իսախանեանի օրհնութեամբ ու ղեկավարութեամբ Ճամբարի կազմակերպման պատասխանատուութիւնը ստաձնած էին 7 հոգինոց Կազմակերպչական յանձնախումբ մը։