image

Գահիրէի մէջ. Տօքթ. Արմէն Մազլումեան ներկայ գտնուեցաւ երգիծանկարչութեան 8-րդ փառատօնին

 Գահիրէի մէջ. Տօքթ. Արմէն Մազլումեան  ներկայ  գտնուեցաւ երգիծանկարչութեան 8-րդ  փառատօնին

Օրերս Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած է երգիծանկարչութեան 8-րդ  միջազգային փառատօնը որուն իր մասնակցութիւնը բերած է Եգիպտոսի հայկական համայնքի յայտնի գործիչներէն Տօքթ. Արմէն Մազլումեանը:

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն: Ստորեւ այդ առիթով Տօքթ. Մազլումեանի հակիրճ գրառումը:

     Պատիւն ունեցայ ներկայ գտնուելու երգիծանկարչութեան 8-րդ միջազգային փառատօնին, ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար՝ Ահմատ Ֆուատի, եւ  կարգ մը Եգիպտացի երգիծանկարիչներու ինչպէս՝ Մուհամմատ Ապլա, Ֆաուզի Մուրսի, Ահմատ Ճաիսա, Իսլամ Զաքի,  հայ արուեստագէտ՝ Միրթատ Գազազեանի  եւ Սպանացի Տաւիտ Վիլայի:

    Նշենք որ Տօքթ. Արմէն Մազլումեան կը շարունակէ ժրաջան կերպով իր գործունէութիւնը որպէս Եգիպտոսի Հայ Դատի մարմնի ներկայացուցիչ: Տօքթ. Մազլումեան նոյն ծիրէն ներս բազմապիսի յարաբերութիւններ եւ կապեր ունի Եգիպտոսի, թէ լրագրողական թէ ալ ակադեմական շրջանակներու մէջ: Անոր գործունէութեան հիմնասիւնը կը կազմէ Եգիպտոս-Հայաստան առկայ յարաբերութիւններու ընդհանուր ծիրին մէջ յաւելեալ թափ եւ եռանդ հաղորդել, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի լրագրողական շրջանակներուն ներկայացնել այսօրուայ Հայաստանը, մեր երկրի մարտահրաւէրները ու նաեւ շեշտել հայ-արաբական ու հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու կայունութիւնը, ամրութիւնն ու զարգացումը: