Օմանի մայրաքաղաք՝ Մասքաթի մէջ աւարտած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի անուղղակի բանակցութիւններու հերթական փուլը՝ յայտնած են իրանական աղբիւրները։
Օմանի արտաքին գործոց նախարարը բանակցութիւններէն յետոյ յայտնած է, որ անոնք ընդգծած են փոխադարձ յարգանքի եւ կայուն պարտաւորութիւններու հիման վրայ համաձայնութեան հասնելու ընդհանուր շահագրգռութիւնը: Անոր խօսքով՝ կողմերը քննարկած են հնարաւոր գործարքի հիմնական սկզբունքները, նպատակներն ու մասնագիտական հարցերը:
Բանակցութիւնները պիտի շարունակուին յաջորդ շաբաթ, նախնական թուական նշանակուած է 3 մայիսը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Էսմայիլ Պաղաէի նշած էր, որ կողմերը Օմանի միջնորդութեամբ կը փոխանակեն իրենց տեսակէտները երկու հիմնական ուղղութիւններով՝ պատժամիջոցներու արդիւնաւէտ դադրեցում եւ Իրանի միջուկային ծրագիրի խաղաղ բնոյթի նկատմամբ վստահութեան ամրապնդում: