Այն անվտանգութեան համակարգը, որու վրայ մենք մեծ յոյս դրած էինք առնուազն մինչեւ 2020 թուականի պատերազմը եւ ատոր յաջորդած ժամանակահատուածին կենսունակութիւն ցոյց չէ տուած եւ մեզի այլընտրանքային գաղափարախօսութիւն անհրաժեշտ էր: Այս մասին «Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմակայութիւն 2025» միջազգային համաժողովի ժամանակ ըսած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը:
«Կարելի է ասել՝ օգոստոսի 8-ը համապարփակ ձեւով փոխել է մեր անվտանգային միջավայրը: Մօտակայ շրջանում մենք պէտք է քննարկենք ռազմավարութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան թղթին յանձնելու, ռազմավարութիւններ ունենք, բայց այն թղթին յանձնելու եւ ժամանակի շունչ ունենալու խնդիր է առաջանում»,- յայտարարած է ան:
Անոր խօսքով՝ մեր շուրջ անվտանգութեան միջավայրը այնքան արագ կը փոխուէր, որ անընդհատ կը յետաձգէին ռազմավարութիւն ունենալը:
«2025 թուականի սկզբներին մեր շուրջ միջավայրը շարունակում էր փոխուել, բայց մեր քաղաքականութիւններում յստակութիւն էր մտցուել եւ մենք որոշեցինք ռազմավարութիւն ունենալ: Սակայն մինչեւ մենք հասանք գրեթէ վերջնակէտին, տեքստը վերջնականացնելուն, տեղի ունեցաւ օգոստոսի 8-ը, որը ամբողջովին կրկին փոխեց մեր միջավայրը:
Ի հարկէ, խաղաղութեան օրակարգ ենք ունեցել, բայց քաղաքականութիւնների մասով, առնուազն, նոր միջավայրին ադապտացուած քաղաքականութիւններ պէտք է ընդունենք: Արդէն հարց է առաջացնում՝ ընդհանրապէս, ռազմավարութիւն ունենալու հարցն է սեղանին դրւում, եւ մենք պէտք է քննարկենք: Սրա շուրջ դեռեւս քննարկումներ չենք ունեցել, բայց դրա անհրաժեշտութիւնը կայ»,-ըսած է ան: