Ձեռամբ Իրաքեան Քիւրտիստանի Տըհոք համայնքի հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեանին տեղի ունեցած է Ամանորեայ հոգեպարար արարողութիւն, որ կը նշանաւորուի Սուրբ Պատարագի ժամանակ եղող նռօրհնէքի արարողութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համայնքի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Տհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի Ս. Պատարագ եւ Նռօրհնէքի արարողութիւն , ներկայութեամբ Թաղական խորհուրդի Ատենապետին, խորհուրդի անդամներուն եւ համայնքի բնակիչներուն։
Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Շնորհալի» երգչախումբին եւ դպրաց դասին կողմէ։