«Ալիք Մէտիա»էն կը կարդանք՝
Աբրահամ Արծիւեանը 2013-ին Սուրիական պատերազմի պատճառով լքած է երկիրը եւ ընտանիքին ապահով վայր տեղափոխելու նպատակով եկած հայրենիք՝ Հայաստան:
«Սուրիան եւս թանկ էր ինծի համար, բայց չէի զգար, որ այնտեղի պատերազմը իմս է։ Երկու օտար կողմերու միջեւ կրօնական ու քաղաքացիական բախումներ էին»,-ըսած է Աբրահամը:
Հեռացաւ պատերազմական երկրէն, բայց, ճակատագրի բերումով, յայտնուեցաւ մէկ այլ պատերազմող երկիր: «Ես չեմ ընտրած ծննդավայրս, ոչ ալ ազգային պատկանելիութիւնս՝ հայ ըլլալս, բայց հայրենիքիս համար կռիւի երթալը իմ ընտրութիւնն էր»։
Այսպիսի տրամադրուածութեամբ ալ Աբրահամը որոշած է մասնակցիլ Արցախեան վերջին պատերազմին։ Չըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի՝ կամաւորագրուելու ժամանակ որոշ դժուարութիւններու բախուած է, բայց այդ խոչընդոտները չեն խանգարած։
Սկիզբը կռուած է Մարտակերտի շրջանին մէջ, յետոյ տեղափոխուած է «Եղնիկներ»: Աբրահամը քառասուներեք օր եղած է կռիւի դաշտին մէջ։ Կը պատմէ այդ օրերուն իր զգացածն ու ապրածը՝ եւ՛ երջանկութիւն ու յուզմունք, եւ՛ կորուստի ցաւ ու տխրութիւն։ «Ամենաթէժ պահուն ալ անեկդոտներ կը պատմէինք, կատակներ կ'ընէինք, որ ցրուէինք, ամենավտանգաւոր պահերուն կը ծիծաղէինք, որ հոգեպէս չկոտրուէինք»։
Գիշեր մըն ալ փոսի մէջ նստած՝ կրակոցներու ձայնը խլացուցած են երգերով. «Կ'երգէինք։ Մէկս միւսի երգի ձայնը որ կը լսէինք, կը հանգստանայինք, վախը կը մոռնայինք եւ կ'ոգեւորուէինք»,-յիշած է Աբրահամը: Ան պատմած է, որ իր ջոկատին մէջ շատերը մասնակցած էին նաեւ առաջին Ղարաբաղեան պատերազմին։ Նոյնիսկ Թաթուլ Կրպէյեանի հետ կռուողներ եղած են, որոնցմէ անգնահատելի դասեր ստացած է:
Երբ գիտցեր են 9 նոյեմբերի պայմանագրի մասին, սկիզբը ամբողջ ջոկատը յուսալքուած է, բայց «Եղնիկներ»ու առասպելական հրամանատար Կարէն Ջալաւեանը ՝ Քեոխը, հրամայած է սթափիլ եւ շարունակել կռիւը։
«Ամէն հայ պէտք է Քեոխի հետ շփուի, որ զգայ՝ ինչ է իրական հայրենասիրութիւնը»,- ըսած է Աբրահամը։
Սուրիահայ երիտասարդը արդէն տունն է. հոգեպէս աւելի կայուն վիճակի մէջ, քան պատերազմէն վերադառնալու առաջին օրերուն էր։ Կեանքին այլ աչքով սկսած է նայիլ։ Ըսած է, որ հետագային, իր երեխաներուն մանրամասնօրէն պիտի պատմէ պատերազմի եւ իր կողքին կռուած հերոսներուն մասին, ցոյց պիտի տայ նկարներ եւ տեսանիւթեր՝ փորձելով կանուխ տարիքէն զաւակներուն մէջ հայրենասիրութիւն «ներարկել»։