image
Հրատապ լուրեր:

Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական Ներսէս Ճուպանեանի մահը

Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական Ներսէս Ճուպանեանի մահը

  Տխուր լուր մը ստացանք Լիբանանէն։

 

 Ճիւնիի շրջանի  նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականներէն Ներսէս Ճուպանեան  յետ կարճատեւ հիւանդութեան կնքած է իր մահկանացուն։

Այս առթիւ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը գուժած է   անոր մահը մասնաւորապէս նշելով ՝ «ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կը գուժէ Աթլէթի յանձնախումբի նախկին անդամ, ֆութպոլի նախկին մարզիչ, վաստակաշատ և Ծառայութեան Շքանշանակիր եղբ. Ներսէս Ճուպանեանի  մահը»։

 

Նոյն առումով ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիի մասնաճիւղի դիմատետրեան էջը  գրած է ՝

«Ճիշդ մէկ ամիս առաջ, կարծես թէ գիտնալով պատահելիքը, իր սիրած ակումբին մէջ, շրջապատուած իր սիրելի վարչական քոյր եղբայրներով` մտերմիկ և համեստ սեղանի մը շուրջ, ուրախ ու զուարթ պատմեց մեզի իր կեանքի արկածախնդրական դրուագներէն, մեզի վստահեցնելով որ այս պատմութիւնները ոչ մէկ տեղ պատմած էր ասկէ առաջ.....պիտի կարօտնանք քու սրամիտ ու տեղին ըսուած նկատողութիւններդ սիրելի եղբայր Ներսէս ։ Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ մեր մէջ ։ Թո՛ղ հողը թեթեւ գայ վրադ եղբայր Ներսէս»։

 

 

 Նշենք, որ երկար տարիներ Աթլէթի մարզին մէջ մեծ ծառայութիւններ մատուցած  Ներսէս Ճուպանեան սիրուած էր բոլորին կողմէ ու յատկապէս ՀՄԸՄ-ի շրջանակներուն մէջ։ Սիրուած ըլլալու գաղտնիքն ալ անոր համեստ եղբայր, բոլորին հասնող եւ մտերիմ ընկեր ըլլալու հանգամանքն էր։