Օրերս Երուսաղէմի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայկական շրջանակներուն եւ յատկապէս Երուսաղէմի ՀՄԸՄ-ի ընտանիքի սիրուած եւ նուիրեալ անդամներէն՝ Սարգիս Եագուպեանը։
«Արեւելք» բօթին մասին իմացաւ Երուսաղէմի ՀՄԸՄ-ի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ տրուած մահագրութիւնը՝
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Երուսաղէմի Մեկուսի Շրջանի վարչութիւնը, սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ իր երկարատեւ տարիներու անդամին՝
եղբ. Սարգիս Եագուպեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 2025 թուականի Սեպտեմբեր 7-ին։
Այս տխուր առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Երուսաղէմի վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի տիկնոջ, զաւակներուն, եղբօր եւ քոյրերուն, ինչպէս նաեւ համայն սգակիր ընտանիքին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10-ին, 2025 թ․, կէսօրէ ետք ժամը 16։00-ին, Երուսաղէմի Սուրբ Փրկիչ Լատինաց Կաթողիկէ Վանք (New Gate)։ Այնուհետեւ հանգուցեալի մարմինը պիտի ամփոփուի Սիոն լերան Լատինաց գերեզմանատան մէջ։
Հոգեսուրճը պիտի կատարուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Երուսաղէմի սրահին մէջ։
Ընտանիքի անդամները ցաւակցութիւններ պիտի ընդունին նոյն օրը՝ մինչեւ ժամը 21։00, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Երուսաղէմի սրահին մէջ, եւ յաջորդ երկու օրերը՝ Եաֆայի سرية الكشاف الأورثودكسي -شارع
سلسلة 21 , تل أبيب- يافا
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։