Օրերս Հայաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցին նոր հովիւներու նշանակում կատարեց։ Նշանակումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ աւագ հոգեւոր հովիւ՝ վեր. Յովհաննէս Յովսէփեանի վերահսկողութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ հայաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պաշտօնական կայքէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ ներքին կանոնագիրին համաձայն՝ աստուածաբանական կրթութիւնը աւարտած եւ ծառայութեան անցած հովիւները, մինչեւ հիմնական պաշտօնակոչութիւնը, փորձաշրջան կ՚անցընեն ՀԱԵ տարբեր համայնքներու մէջ:
Այսպէս, Սեպտեմբեր 2022-էն, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցը յաջողութեամբ աւարտած երկու եղբայրներ՝ Արմէն Միսակեանն ու Խաչիկ Նազարեանը մէկ տարի ծառայեցին համապատասխանաբար՝ ՀԱԵ Բաղրամեան 18-ի եւ Ստեփանաւանի համայնքներուն մէջ: Սեպտեմբեր 2023-էն անոնց ծառայութեան դաշտը փոխուեցաւ:
3 Սեպտեմբերին ՀԱԵ աւագ հոգեւոր հովիւ՝ վեր. Յովհաննէս Յովսէփեանը, Արմէն Միսակեանը ներկայացուց ՀԱԵ Հարաւ Արեւմտեան թաղամասի համայնքին, ուր ան՝ որպէս օգնական հովիւ, պիտի շարունակէ իր փորձաշրջանը: Վեր. Հովսէփեանը, ՀԱԵ ՀԱԹ-ի հոգաբարձուներուն եւ համայնքին հետ միասին, աղօթք բարձրացուց Արմէն Միսակեանին ու եկեղեցւոյ համար: Այնուհետեւ Միսակեանը՝ որպէս Տէրունական օրուայ պատգամաբեր, խօսեցաւ հաւատարիմ եկեղեցւոյ մասին՝ մէջբերելով Եբրայեցիս 10.19-25 համարները եւ անդրադառնալով եկեղեցւոյ հաւատարմութեան պատճառներուն: Արմէն Միսակեանը մասնակցեցաւ նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան մատակարարման:
10 Սեպտեմբերին, ՀԱԵ Ալավերտիի համայնքը ողջունեց, իսկ ՀԱԵ աւագ հոգեւոր հովիւը աղօթք բարձրացուց եկեղեցւոյ եւ Խաչիկ Նազարեանին համար, որ իր փորձաշրջանը պիտի շարունակէ այդ համայնքին մէջ՝ որպէս օգնական հովիւ: Խաչիկ Նազարեանին պատգամը՝ Եփեսացիս 6.10-20 համարներուն շուրջ էր՝ Աստուծոյ սպառազինութեամբ զգեստաւորուելու կարեւորութեան մասին: