Ոչնչութեան ու լիութեան շրթունքներու արանքին' պիտի տեւեմ նոյնիսկ առանց համբոյրին նոյնիսկ խաւար կուրութեան մէջ հայելիին
Ես եմ մարդը հոս հկած
խորհուրդները հարցումները աղօթքները պատմելու անհեթեթի աստուածութեան ու իմ մասին'
առ որ անկ է:
Մնացեալը սանտուիչ ըրէք ու կերէք,
շատ հոգս չէ:
(Աղօթք)
Ոչնչութեան ու լիութեան համբոյրին Ուր կը քակուի ու կը հիւսուի անդադրում
Առեղծուածը անհասելի գոյութեան
Վիհին անծերպ կողին կառչեր եղունգներով`
Հազիւ մէկ շունչ պիտի քաշենք
Շատ շատ մէկ վանկ
Մէկ գիր
Ժամանակ կայ ճիչ մը կոչ մը՝ անհունութեան
Խորհուրդին մէջ չգլտորած գինով հտպիտ
Մէյ մը կայնիլ սարսափահար զմայլագին
Մարդ ըլլալու եւ չըլլալու շուարումի Յորձանքին մէջ՝
Հասկնալու եւ սիրելու:
Բայց ամէն ինչ ճգնարանի խու՞ցն է քաշուեր
Մունջ ու մռայլ մեզ կը հեգնէ մեր աչքերով՝
Թէ եղածը թաց ներկ մըն է որ կը ծեփեն.
Օդի ծոցին կծկուեր ենք կը մրափենք Կարիք չունինք խնդրանք չունինք վախ չունինք
Այս աշխարհէն՝ որ մեր կեանքով ի՞նչ առասպել կը պատմէ
Թուրիսթներուն՝ խոշոր պասեր դանդաղօրէն
Մեր մէջերեն
Կը պտըտին…
Պէտք է փշրել պատուհանի սեւ ապակին
Կոտրել դուռը ներս մտնել
Նայքոնները քոտաքները ջախջախել
Հասկցնել թէ ով ենք մենք
Ճշմարտապէս եւ ո՛չ կարծեօք
Յերկրորդ աւուր յերրորդ աւուր ի չորրորդ աւուր
Դեռ հոս ենք:
Կրակմար է գործադուլ կայ հեռաձայնը չ՚աշխատիր
Բայց կը սպասենք որ գան գտնեն
Գերեզմանին քարը մէկդի գլտորեն
Մեր սրտերեն ներս նային
Կարելի է այս է միակ հրաշքը-
Ծնիլ ցայտել յանկարծ բխիլ դէպի կեանք
Մոլորակի ակնթարթ մը կայծի հետ
Քակել րոպէն իր ժանգոտած խարիսխէն՝
Փորձել ապրիլ.
Ի՞նչպես ապրիլ -
Բառի փշրանք պիտի խցուի կոկորդին՝
Գուցէ ելքը պատգամին
Մերկ աշխարհ մը լպիրշ փակեր մեր բիբերուն՝
Որ չշարժինք դեպի դուրս
Ու մանաւանդ՝ դէպի ներս
Ու՛ր է ի՞նչ է ո՛չ դուռ կայ հոս ո՛չ պատուհան
Պատանդնե՞ր ենք երկվայրկեանի յիմար անպէտ
Յաւերժութեան ափին մէջ՝ մենք կը մերժենք
Փրկագինը անծանօթներ կ՚աճապարեն վճարել:
Կ՚ուզենք ճամբայ՝ որ չհատնէր դեռ չսկսած
Գոնէ մէկ հատ ժամացոյց՝ տիեզերքի պատերուն
Լոյսի շող մը՝ որ կարդայինք ի՞նչ թաղուած է
Բառերուն մէջ դագաղներ կան մէջը ի՞նչ կայ
Որուն մարմնին փաթթուեր ենք խենթի պես
Ու կը տարուինք ուսամբարձ
Որ չդպչին մեր ոտքերը սալարկներուն
Ու չարթննանք մեր երազէն
Որ չըլլայ թէ յանկարծ բացուին
քնաշրջիկ մեր աչքերը
Ու չմեռնինք սարսափահար ի վերջոյ:
(Կարճ լռութիւն)
Այս աստուածը դռնակը բաց վանդակի մէջ թոչուն է
Շուրջը կանգուն՝ կը դիտենք
Ու ջուր կու տանք հաց կու տանք
Ալէլուիա փառք ու պատիւ անհուն հայր մեր
Կը պաղատինք որ գայ երգէ
Ձրի շքեղ կահաւորուած սենեակներ կան
Ուիքէնտներուն փախստական զոյգեր կու գան
Վէճ ու կռիւ կը բզքտեն պիրկ կարկահը ժամերու
Յետոյ յանկարծ՝ ակռայի դեղ պատռած թերթեր գուլպայ գոնտոմ ետին թողած
Լռիկ մեռնող լոյսերու մէջ կ՚անհետին՝ Գողցած տարած սրբիչները ծածկոցները մեր յոյսերը:
Մեր աղօթքը
Նեղ խալխլած սանդուխ մըն է
Որ պլլուած իր առանցքին
Կլոր կլոր պիտի դառնայ մեր գանկին մէջ
Որու պատին ո՞վ դրեր է հայելին՝
Ուր կը նայուինք ցերեկ գիշեր
Մենք մեր աչքին ցոլացումէն հիբնոսացած:
(Վայրկեան մը ծանր լռութիւն)
Ոչնչութեան ու լիութեան շրթունքներու արանքին' պիտի տեւեմ նոյնիսկ առանց համբոյրին նոյնիսկ խաւար կուրութեան մէջ հայելիին
Ես եմ մարդը հոս հկած
խորհուրդները հարցումները աղօթքները պատմելու անհեթեթի աստուածութեան ու իմ մասին'
առ որ անկ է:
Մնացեալը սանտուիչ ըրէք ու կերէք,
շատ հոգս չէ:
Հատուած'
«Պատգամ» անտիպ հատորէն
Լոյս տեսած է Հռոմ տպագրուող՝ «Բազմավէպ»ին մէջ