Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը փետրուար 21-ի կէսօրին Ռուսիայէն պաշտօնական գրութիւն ստացած է Հայաստանի կողմէ մարդկութեան դէմ յանցագործութեան մեղադրանքով հետախուզուող ատրպէյճանցի Քամիլ Զէյնալիին յայտնաբերման մասին։
Այս մասին յայտնած է ՆԳՆ մամուլի խօսնակ Նարեկ Սարգսեանը։
«Փետրուարի 21-ի կէսօրին ՌԴ-ից պաշտօնական գրութեամբ հետախուզումը նախաձեռնող ստորաբաժանմանը տեղեկացուել է հետախուզուողի յայտնաբերման մասին եւ խնդրուել է վերահաստատել հետախուզման փաստը։ Ի պատասխան՝ հետախուզումը նախաձեռնող ստորաբաժանման կողմից անմիջապէս հաստատուել է, որ տուեալ անձը գտնւում է միջպետական հետախուզման մէջ․ խափանման միջոցը՝ կալանք»,- ըսած է ան։
ՆԳՆ խօսնակը նաեւ նշած է, որ հակառակ հետախուզուող անձի ազատ արձակման մասին տարածուած լուրերուն՝ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ իրականացուած է յանձնման արարողակարգով նախատեսուած փաստաթուղթերու փաթեթի նախապատրաստում, որ պիտի ներկայացուի ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւն՝ ՌԴ իրաւապահ մարմիններուն փոխանցելու եւ յանձնման հետագայ գործընթացը կազմակերպելու ուղղութեամբ անհրաժեշտ գործողութիւններ իրականացնելու նպատակով։