Արդէն երկրորդ անգամ Նոպէլեան մրցանակ կը շնորհուի հայ գրողի զաւկին: Բժշկագիտութեան ոլորտի 2021 թուականի Նոպէլեան մրցանակն ստացած ամերիկաբնակ գիտնական Արտեմ Փաթափութեանը սփիւռքահայ յայտնի գրող, թարգմանիչ, խմբագիր Սարգիս Վահագնի որդին է:
Իսկ այս տարի տնտեսագիտութեան ոլորտի Նոպէլեան երեք մրցանակակիրներէն մէկը՝ Տարօն Աճէմօղլուն, «Արեւելք»-ի տեղեկութիւններով, պոլսահայ յայտնի բանաստեղծուհի Իրմա Աճէմեանի որդին է:
Յատկանշական է, որ թէ՛ Արտեմ Փաթափութեանի մայրը՝ Հայկուհի Աճէմեանը, թէ՛ Տարօն Աճէմօղլուի մայրը եղած են հայկական դպրոցներու տնօրէններ, երկուքն ալ կը կրեն Աճէմեան ազգանունը:
Արտեմ Փաթափութեանի մայրը՝ Հայկուհի Աճէմեանը (մահացած է 2023-ին) հայկական դպրոցի տնօրէն էր Լիբանանի մէջ, իսկ Տարօն Աճէմօղլուի մայրը եղած է Պոլսոյ Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան հայկական վարժարանի տնօրէնը: Բանաստեղծուհին մահացած է 1990 թուականին՝ Փարիզի մէջ, ունի հայերէն բանաստեղծութիւններու երկու գրքոյկ («Տալ միայն»-1975, «Իմ տողերս» -1985): Ան երկար տարիներ աշխատակցած է պոլսահայ մամուլին, բայց ամենամեծ ներդրումն ունեցած է կրթական ոլորտի մէջ: Ան նաեւ գրած է «Գէորգ Աճէմօղլու եւ ես՝ Իրմա. Զգացումներէն իրականութիւն» գիրքը: Իրմա Աճէմեանը նաեւ պոլսահայ «Կամար» ամսաթերթի խմբագիրը եղած է:
Տարօն Աճէմօղլուի հայրը Իսթանպուլի համալսարանի իրաւաբանական բաժնի դասախօս, իրաւագէտ Գէորգ Աճէմօղլուն էր՝ Թուրքիոյ յայտնի առեւտրական իրաւունքի փորձագէտներէն մէկը, որ մահացած է 1988-ին: Գէորգ Աճէմօղլուն նոյնպէս աշխատութիւններու հեղինակ է:
Տարօն Աճէմօղլուի պապը պոլսահայ ազգային գործիչ Թոգօ Աճէմեանն է: Ընտանիքի որդին՝ Տարօն Աճէմօղլուն (ծնած՝ 1967 թուականին, Պոլիս) աշխարհի լաւագոյն տնտեսագէտներէն մէկն է, Foreign Policy հանդէսը անոր դասած է աշխարհի ամենաազդեցիկ մտածողներու շարքին։ Ան ամուսնացած է, ունի երկու որդի: Ըստ մամուլի՝ անոր կինը՝ Ասուման Օզտաղլարը, նոյնքան յաջողակ է, որքան՝ իր ամուսինը: 49-ամեայ Ասումանը (Ասու) նոյնպէս գիտնական է` համակարգչային գիտութեան եւ մեքենայական ուսուցման մասնագէտ: Ան Թուրքիոյ նախկին պետնախարար Իսմայիլ Օզտաղլարի դուստրն է:
Աճէմօղլուն իր գործընկերներ Սայմըն Ճոնսընի եւ Ճէյմս Ռոպինսընի հետ Նոպէլեան մրցանակ ստացած է համատեղ հետազօտութեան համար, թէ ինչպէս «հաստատութիւնները կը ձեւաւորուին եւ կ՚ազդեն բարեկեցութեան վրայ»:
Երեք տնտեսագէտները կը կիսեն մրցանակի համար տրուած գումարը՝ 11 միլիոն քրոն (1,1 միլիոն տոլար):