«Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ այսօր պիտի շարունակուի Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ դատական ֆարսի հերթական՝ 26-րդ նիստը»: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Free Armenian Prisoners-ը։
Նախորդ շաբաթ փաստաբան, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեանը ծաւալուն փաստաթուղթ հրապարակած էր՝ ներկայացնելով բոլոր այն իրաւախախտումները, որոնք Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ իրականացուած են թէ՛ նախաքննութեան, թէ՛ «դատավարութեան» ընթացքին:
«Արդիւնքում ստեղծուել է հիմնովին անարդար դատավարական իրավիճակ, որտեղ պաշտպանուող կողմը զրկուած է մեղադրանքները վիճարկելու կամ իր անմեղութիւնն ապացուցելու իրատեսական որեւէ հնարաւորութիւնից։ Նման պայմաններում արդար դատաքննութեան հասկացութիւնն ինքնին վերածւում է ձեւականութեան՝ զուրկ որեւէ բովանդակութիւնից», – ընդգծած էր Սահակեանը։
Փաստաթուղթին մէջ կ՚արձանագրուէր, որ այդ խախտումներն անհնար դարձուցած են Ռուբէն Վարդանեանի համար արդիւնաւէտ պաշտպանութեան իրականացումը: «Այս խախտումներն ստեղծել են մի իրաւական միջավայր, որտեղ նա փաստացի զրկուած է իր դէմ առաջադրուած մեղադրանքները վիճարկելու կամ արդարացնող ապացոյցներ ներկայացնելու իմաստալից որեւէ հնարաւորութիւնից»,-ըսուած է հրապարակուած փաստաթուղթին մէջ:
Թէեւ միւս գերիներու մասով հնարաւոր չէ թէկուզ փոքր տեղեկութիւն ստանալ, սակայն կասկած չկայ, որ նոյն իրավիճակն է նաեւ անոնց պարագային:
Free Armenian Prisoners կայքը պարբերաբար կը հրապարակէ Ռուբէն Վարդանեանի գործի լսումներու արդիւնքները՝ հիմք ընդունելով տեղացի փաստաբան Ապրահամ Պերմանի՝ ընտանիքին փոխանցած տեղեկութիւնները:
Նախորդ՝ յուլիս 8-ին կայացած նիստին Ռուբէն Վարդանեանն ու անոր փաստաբանը կրկին դատական նախկին որոշումներու քաղուածքներուն ծանօթանալու միջնորդութիւն ներկայացուցած էին, որոնք չեն բաւարարուած:
«Նիստի միւս հատուածին մէջ ենթադրեալ տուժողները վկայութիւններ տուած են ռազմական գործողութիւններու ժամանակ ստացած վնասուածքներու մասին: Ինչպէս նախորդ լսումներու ժամանակ, ցուցմունք տուած անձերէն ոչ մէկը Ռուբէն Վարդանեանի հետ անձամբ ծանօթ եղած է: Բոլորը նշած են, որ անոր մասին լսած են միայն լրատուամիջոցներէ կամ ընկերային ցանցերէ: Նկարագրուած դէպքերու հետ Ռուբէն Վարդանեանին կապող փաստական որեւէ ապացոյց չէ ներկայացուած», –ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Free Armenian Prisoners-ի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Ռուբէն Վարդանեանը եւ միւս 22 հայ գերիներն արդէն շուրջ 656 օր ապօրինի կալանւորուած են Պաքուի մէջ: Միջազգային հանրութիւնը եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները բազմիցս պահանջած են անյապաղ կերպով եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու հայ քրիստոնեայ քաղբանտարկեալները եւ ռազմագերիները։