image
Հրատապ լուրեր:

«Նպատակս է դառնալ Սուրիոյ ախոյեան» Գասպար Շուշանեան

 «Նպատակս է դառնալ Սուրիոյ ախոյեան» Գասպար Շուշանեան

  

Սուրիոյ , ճատրակի բնագաւառին մէջ հայերը ունին մեծ ներդրում, ունին լաւ մարզական աւանդ, ունեցած ենք Սուրիոյ ճատրակի ախոյեան, որ երկար տարիներ պահած է այդ պատուաւոր կոչումը, խօսքը Սուրիոյ ճատրակի բազմակի ախոյեան՝ Միքայէլ Շատարեւեանի մասին է, որ 80-ական թուականներուն չունէր համազօրը Սուրիոյ մէչ: Կ'ուզեմ ես ալ այդ ուղիով երթալ եւ նոյնը կրկնել, որ հայ ազգի անունը բարձր պահեմ Սուրիոյ մէջ: Մենք ճատրակի սիրահար ազգ ենք:

Նաեւ կը ցանկամ մաս կազմել Սուրիոյ ճատրակի ազգային խումբին, որ Սուրիոյ դրօշի ներքոյ մասնակցիմ տարբեր միջազգային մրցումներու, որոնցմէ նաեւ պիտի քաղեմ մեծ փորձառութիւն:

Շատ մօտէն կը հետեւիմ հայրենի տաղանդաւոր կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեանի նուաճումներուն, կը հիանամ իր խաղաոճով եւ միշտ կ'երազեմ որ օր մը հասնիլ իր բարձր մակարդակին:

 

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Սուրիոյ ճատրակի կրկնակի ախոյեան Գասպար Շուշանեան:

-Կրնա՞ք փոքր տեղեկութիւններ փոխանցել ձեր մասին:

Ծնած եմ Հալէպ, 2001-ին: Աւարտած եմ Հալէպի Լազար Նաճարեան երկրորդական վարժարանի: Այժմ Հալէպի համալսարանի ուսանող եմ եւ կ'ուսանիմ տնտեսագիտութեան բաժանէն ներս:

 

-Ե՞րբ եւ որո՞ւ քաջալերանքով սկսած էք ճատրակ խաղալ:

Շատ փոքր տարիքէս, 3 տարեկանէս, սեւ եւ ճերմակ այս հրաշալի «խաղադաշտ»ը զիս խորապէս հրապուրած է, դառնալով իմ մանկութեան «խաղալիք»ը: Ճատրակի հրաշալի աշխարհին ծանօթացայ եւ մուտք գործեցի հօրս գիտակցուած քաջալերանքով, երբ Հալէպի Հ.Ե.Ը.ի ակումբէն ներս սկսայ հետեւիլ ճատրակի յատուկ դասընթացներու: Իմ հիմնական մարզիչը եղած է հայրենի հմուտ մարզիչ՝ պրն. Արթուր Պօղարեանը, որմէ սորված եմ ճատրակի հիմնական օրէնքները եւ միշտ արժանացած եմ իր քաջալերանքին եւ ուշադրութեան։Այստեղ նաեւ կ'ուզեմ նշել իմ միւս մարզիչ՝ պարոն Կարպիս Թոփճեանի անունը, որ նոյնպէս ներդրում ունի իմ՝ իբր շախմատիստ, կայանալու գործընթացին մէջ:

 

-Սուրիոյ մէջ ճատրակի ծիրէն ներս, ինչպիսի՞ նուաճումներ ունիք:

Եօթը տարեկանիս Հալէպի մակարդակով դարձած եմ Հալէպի իմ տարիքային դասաւորումի ախոյեան, յետոյ ընդգրկուած եմ Հալէպի ճատրակի պետական խումբին մէջ եւ այնտեղ զբաղեցուցած եմ Սուրիոյ երկրորդ դիրքը, որ իսկապէս պատուաբեր էր ինծի համար: 12 տարեկանիս դարձեալ դարձայ իմ տարիքային դասաւորումի Հալէպի ախոյեան: Պատերազմի ընթացքին, ինչպէս կեանքի բոլոր ոլորտները, մարզական կեանքն ալ կանգ առած էր, չկային մրցաշարքեր, քաղաքներու միջեւ եղած կապը համարեայ կտրուած էր, սակայն ես կը շարունակէի մարզուիլ:

Վերջին տարիներուն, ապահովական որոշակի կայունութենէն ետք, մարզական կեանքն ալ սկսաւ վերականգնուիլ, եւ ես 20 տարեկան շերտի մէջ դարձայ Հալէպի ախոյեան:

Շուտով տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ ճատրակային առաջնութեան մրցաշարքը, այս մրցաշարքին կը պատրաստուիմ լաւագոյն ձեւով, ունիմ մարտական բարձր տրամադրութիւն եւ արդէ՛ն՝ փորձ, եւ պիտի փորձեմ այս անգամ դառնալ Սուրիոյ ախոյեան:

 

-Ինչպիսի՞ ծրագիրներ ունիք մարզական ապագայի հետ կապուած:

Սուրիոյ մէջ, ճատրակի բնագաւառին մէջ հայերը ունին մեծ ներդրում, ունին լաւ մարզական աւանդ, ունեցած ենք Սուրիոյ ճատրակի ախոյեան, որ երկար տարիներ պահած է այդ պատուաւոր կոչումը, խօսքը Սուրիոյ ճատրակի բազմակի ախոյեան՝ Միքայէլ Շատարեւեանի մասին է, որ 80-ական թուականներուն չունէր համազօրը Սուրիոյ մէչ: Կ'ուզեմ ես ալ այդ ուղիով երթալ եւ նոյնը կրկնել, որ հայ ազգի անունը բարձր պահեմ Սուրիոյ մէջ: Մենք ճատրակի սիրահար ազգ ենք:

Նաեւ կը ցանկամ մաս կազմել Սուրիոյ ճատրակի ազգային խումբին, որ Սուրիոյ դրօշի ներքոյ մասնակցիմ տարբեր միջազգային մրցումներու, որոնցմէ նաեւ պիտի քաղեմ մեծ փորձառութիւն:

Շատ մօտէն կը հետեւիմ հայրենի տաղանդաւոր կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեանի նուաճումներուն, կը հիանամ իր խաղաոճով եւ միշտ կ'երազեմ որ օր մը հասնիլ իր բարձր մակարդակին: