image

Նպաստել հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման. Ամերիկացի գործիչ

Նպաստել հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման. Ամերիկացի գործիչ

 

ԱՄՆ Սենատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտեսը ամերիկեան իշխանութիւններուն կոչ ըրած է քայլեր ձեռնարկելու հրադադարէն աւելի քան 100 օր անց Ատրպէյճանի մէջ անօրինական կերպով պահուող հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու ուղղութեամբ։

 

«Մենք պէտք է օգնենք Հայաստանի ժողովուրդին եւ նպաստենք Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու վերադարձին ուղղուած ջանքերուն։ Անոնց ըրածը միջազգային իրաւունքի խախտում է։ Մենք պէտք է ընենք այն, ինչ նախկին վարչակազմը յաջողեցաւ ընել»,- Սենատին մէջ յայտարարած է Պոպ Մենենտես։