Ներ-գաղութային հանդիպումներու ծիրէն ներս ՍԴՀԿ Պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Տիար Ռազմիկ Տիգրանեանի օրերս այցելութիւն տուած է Կիպրոսի խորհրդարանէն ներս հայկական համայնքի պետական ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեանին։
Ստորեւ այցին մասին հրապարակուած լրատւութիւնը
Երեքշաբթի, 11 Մարտ 2025-ին, ՍԴՀԿ Կիպրոսի նորընտիր Վարիչ Մարմինը, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Ռազմիկ Տիգրանեանի փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ պրն. Վարդգէս Մահտեսեանին:
Հանդիպման ընթացքին եղաւ սրտբաց զրոյց զանազան հրատապ հարցերու շուրջ՝ ազգային, գաղութային եւ հայրենական օրակարգերուն հետ կապուած:
Պետական ներկայացուցիչը յաջողութիւն մաղթեց նորակազմ մարմնին՝ յայտնելով իր համագործակցութեան տրամադրութիւնը, ինչպէս միշտ: Ընկ. Ռ. Տիգրանեան իր կարգին յայտնեց թէ կուսակցութիւնը պատրաստ է շարունակելու իր ուղեգիծը՝ գաղութային կեանքէն ներս՝ ըլլալով համագործակից, շինիչ աշխատանքի հետամուտ եւ կայունութեան պահպանման ջատագով:
Սիրալիր մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպումը վերջ գտաւ խոստումնալից հեռանկարով: