Օրերս մեծ յաջողութեամբ պսակուած է Կիպրոսի մէջ գործող եւ ՍԴՀԿ անմիջական նեցուկը վայելող «Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան» տօնական ճաշկերոյթ-պարահանդէսը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին հրապարակուած՝ լրատւութիւնը։
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան 2026ի կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը անցաւ ջերմ ու ընտանեկան մթնոլորտի մէջ, շրջապատուած սիրելի ընկերներով, ընկերուհիներով, համակիրներով ու բարեկամներով։
Յատուկ պատիւ եւ ուրախութիւն էր մեզի համար ընդունիլ օրուայ գլխաւոր հիւրը՝ Կիպրոսի նախկին վսեմաշուք նախագահի տիկինը՝ տիկին Ֆօթինի Փափատօփուլուն, ինչպէս նաեւ Տիկին Լիտա Քուրսումպան եւ Առողջապահութեան նախարարութենէն հիւրեր։
Երեկոն երաժշտութեամբ ու երգով զարդարեցին Լիբանանէն ժամանած մեր սիրելի երաժիշտները՝ Լարիսսա, Նարեկ, Սեդո եւ Վահէ, ստեղծելով անմոռանալի տրամադրութիւն։
Միջոցառումը շարունակուեցաւ ուրախութեամբ ու պարով մինչեւ վաղ առաւօտեան ժամերը։
Նոր Սերունդ-ը սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր ընկերներուն ու բարեկամներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին այս երեկոն ու դարձուցին յատուկ ու անմոռանալի։

