image

«Ներքին պայքարներու չպէտք է երթանք եւ պարտաւոր ենք ընտրել նոր նախագահ մը» Յակոբ Բագրատունի (Տեսանիւթ)

«Ներքին պայքարներու չպէտք է երթանք եւ պարտաւոր ենք ընտրել նոր նախագահ մը» Յակոբ Բագրատունի (Տեսանիւթ)

Բագրատունի խօսելով Լիբանանի ապրած դժուարութեանց մասին նշած է, որ երկիրը այսօր կ՚անցի շատ դժուարին պայմաններէ ու այդ առումով նշած ՝«Երկիրը  այսօր կը գտնուի շատ վտանգաւոր փուլի մը մէջ եւ միասնաբար պէտք է պատասխանատւութիւնը վերցնենք փրկելու համար Լիբանանը եւ հասնելու բոլորիս համար իտէալական համարուող ՝ազատ անկախ եւ ինքնիշխան Լիբանան մը կերտելուն»։

 Լիբանանեան խորհրդարանին մէջ, որպէս «Փոփոխութեան երեսփոխաններ» ներկայացող պլոքին անդամ խումբ մը երեսփոխաններ գլխաւորութեամբ երեսփոխան Մըլհէմ Խալաֆի այսօր այցելութիւն տուած են ՀՅԴ «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ հանդիպում ունեցած ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին հետ։

 Նշենք, որ երեսփոխանները օրերս հանդէս կուգան նախաձեռնութեամբ մը, որուն հիմնական նպատակն է  անվտանգ կերպով իրականացանել նոր նախագահի ընտրութիւնը։ 

Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած է մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին ալ խօսք առած է ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ իր խօսքին մէջ կարեւորած է սահմանադրական ժամկէտներուն մէջ իրականացնել նոր նախագահի ընտրութեան օրակարգը։

Բագրատունի խօսած է նաեւ երկրին առջեւ ծառացած ծանր մարտահրաւէրներուն մասին, նշելով, որ Լիբանան կը գտնուի շատ դժուարին եւ ծանր վիճակի մը մէջ։ Ան կարեւորելով նոր նախագահի ընտրութեան կայացումը ըսած է՝ «Մասնաւորապէս այս փուլին ներքին պայքարներու չպէտք է երթանք եւ պարտաւոր ենք ընտրել նոր նախագահ մը»։

 Խօսելով երկրին մէջ ընթացող քաղաքական գործընթացներուն մասին Բագրատունի ըսած է՝ «Այս փուլին մենք կառավարութիւն կազմելու կողմ ենք, իսկ կառավարութեան չունենալը, բոլոր առումներով աւելիով պիտի դժուարացնէ նոր նախագահի ընտրութեան օրակարգի իրականացումը»։

 «Հայկական երեսփոխանական պլոք»ի ներկայացուցիչ Բագրատունի նաեւ կարեւորած է երկրի սահմանադրութեան յարգումն ու պահպանումը ու այս առումով ըսած՝ «Մեզի համար ամենաառաջնայինը երկրի սահմանադրութեան յարգումն է եւ պէտք է գործենք այդ ոգիով ու նաեւ հեռու մնանք  նոր խնդրիրներ յարուցելէ։ Ի վերջոյ բոլորս կը գիտակցինք, որ այսօր կարեւորագոյն օրակարգ է նոր նախագահի ընտրութիւն կայացնելը, ու նաեւ պարտաւոր ենք յարգել նախագահութեան դիրքը եւ այն թեկնածուն, որ խորհրդարանին մէջ պիտի տիրանայ ձայներու մեծամասնութեան»։

ՀՅԴ պատասխանատուն շեշտած է նաեւ, արտաքին միջամտութիւններէն հեռու մնալու խնդիրը, նշելով որ կարեւոր ճիգեր պէտք է գործադրուին, հեռու մնալու համար արտաքին միջամտութիւններէ կամ տարբեր տեսակի ճնշումներէ։ 

Բագրատունի խօսելով Լիբանանի ապրած դժուարութեանց մասին նշած է, որ երկիրը այսօր կ՚անցի շատ դժուարին պայմաններէ ու այդ առումով նշած ՝«Երկիրը  այսօր կը գտնուի շատ վտանգաւոր փուլի մը մէջ եւ միասնաբար պէտք է պատասխանատւութիւնը վերցնենք փրկելու համար Լիբանանը եւ հասնելու բոլորիս համար իտէալական համարուող ՝ազատ անկախ եւ ինքնիշխան Լիբանան մը կերտելուն»։

 

Lուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի