«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 155-րդ յօդուածի Ա. մասի համաձայն` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նազելի Պաղտասարեանը 29 Հոկտեմբերին հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է: ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի յայտարարութիւնը այս մասին տեղադրուած է Ազգային Ժողովի կայքին մէջ։
«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 155-րդ յօդուածի 2-րդ մասի համաձայն` եթէ հրաժարականի հրապարակումէն յետոյ՝ մէկ շաբթուայ ընթացքին, պատգամաւորը գրաւոր դիմումով ետ կը վերցնէ հրաժարականի մասին իր դիմումը, ապա Ազգային ժողովի նախագահը այդ մասին հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ, եթէ ետ չի վերցներ հրաժարականի մասին իր դիմումը, ապա անոր լիազօրութիւններու դադարման մասին կը կազմուի արձանագրութիւն, որ կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ Ազգային ժողովի նախագահը: Արձանագրութեան հրապարակման պահէն հրաժարականը կը համարուի ընդունուած: