Սիրելի ընթերցողներ, ընդառաջելով ձեր պահանջներուն, Nayiri.com-ը թողարկած է Ռուբէն Ղազարեանի «Բուսանունների հայերէն-լատիներէն-ռուսերէ-անգլերէն-ֆրանսերէն-գերմաներէն բառարանը», որ լոյս տեսած էր Երեւան, 1981-ին։
Վեցլեզուեան այս աշխատանքին հիմնական բառարանը կը պարունակէ 3,150 հայերէն բուսանուն եւ 1,378 յօդուած,որոնք համարակալուած են։ Բառարանը ունի նաեւ հինգ անուանացանկեր որոնց միջոցաւ կարելի է հինգ լեզուներով որոնել բուսանունները եւ ստանալ հիմնական՝ հայերէն բառարանի յօդուածի համարը (օրինակ՝ լատիներէն անուանացանկին մէջ «Ficus carica 373»)։ Առաջին անգամ ըլլալով, ՆԱՅԻՐԻ կայքին միջերեսը հնարաւորութիւն կու տայ որոնել նաեւ այս յօդուածի համարով (օրինակ՝ 373, եւ ստանալ հիմնական բառարանին «թզենի» յօդուածը)։
Բառարանին պատկերահանուած տարբերակը որոնելի է գլխաբառերով եւ հասանելի է հետեւեալ հասցէով՝ http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=81
Nayiri.com-ը շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան»՝ այս բառարանի առցանց տարբերակի հովանաւորութեան համար։