image

Ռուբէն Վարդանեանը բողոքարկած է Պաքուի դատաւորներու կազմին դէմ

Ռուբէն Վարդանեանը բողոքարկած է Պաքուի դատաւորներու կազմին դէմ

Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Արցախի նախկին պետնախարար, բարերար, գործարար Ռուբէն Վարդանեանի հերթական «դատական նիստը», յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Ռուբէն Վարդանեանը եւ իր փաստաբան Ապրահամ Պերմանը բողոքարկած են դատաւորներու կազմը, քանի որ նախորդ լսումներուն ներկայացուած բազմաթիւ միջնորդութիւններէն մի քանին մերժուած են։ Պաշտպանութիւնը դեռ հնարաւորութիւն չէ ունեցած լիովին ծանօթանալու լսումներու բոլոր արձանագրութիւններուն։ Փաստաբանը յայտարարած է, որ գործը քննող դատաւորները հետաքրքրուած են քրէական հետապնդմամբ։

Սակայն դատարանը բողոքը թողած է առանց քննարկման։

Յաջորդ լսումը տեղի պիտի ունենայ մայիս 6-ին։