image
Հրատապ լուրեր:

«Նայէ, նայէ, ճամբադ նայէ… » Մեծամասնութեան, ղեկավարութեան եւ կեցուածքի մասին

«Նայէ, նայէ, ճամբադ նայէ… » Մեծամասնութեան, ղեկավարութեան եւ կեցուածքի մասին

Ղեկավարութիւնը իր կարգին ինչ որ հաւաքականութեան մը հայելին է, մանաւանդ եթէ մէկէ աւելի անգամ այդ ապրելաձեւը (ղեկավարելու) ընդունած է կիրառել։ Խօսքը անշուշտ այն վարչաձեւերու մասին է, ուր «ընտրութիւն» կայ, ոչ՝ դիկտադորական (միանձեայ) կամ թագաւորական (աշխարհիկ թէ կղերական)։

Հայելին է, այո՛. (Նայէ նայէ, հոս նայէ). եթէ վատ ղեկավարութիւն կայ, ուրեմն վատ է ընտրութիւն կատարող մեծամասնութեան ընտրութիւնը, իսկ եթէ այդ կրկնուած է քանի մը անգամ (նայէ) այդ մեծամասնութիւնը արժանի է այդ իր հայելի ղեկավարութեան, եւ տըրտըրոցը անոր՝ սոսկ ապրելաձեւ։

Չէզոքները հոս եւս հաշուի չեն առնուիր, ուրեմն, չէզոքութիւնը պարապ բան է։ Եղիր կա՛մ կողմ մինչեւ ծայր, կամ դէմ միչեւ ծայր. չըլլաս ե՛ւ կողմ, ե՛ւ դէմ, այլապէս արժանի կ՚ըլլաս ա՛յս ղեկավարութեան։

 

 Լիբանանահայ օգտատէր Սագօ Գասապեան կը գրէ՝ 

 

Միշտ տըրտըր կ՚ընենք։ Միշտ ըսելիք ունինք. ամէն մէկը իր ձեւով, իր ոճով՝ ուղղակի, անուղղակի, բարձրաձայն, չոր, ջերմ, երբեմն լուռ, առանձին, պզտիկ խումբով, մեծ խումբով, հաւաքական՝ թաղային, երբեմն ասոնց կողմէ կարգուած բանբերի բերնով, եւայլն։ 

Միշտ ալ ըսուածներուն մեծամասնութիւնը քննադատութիւն է, փոքր մասը՝ ինչ որ գոհունակութիւն. չէզոքները այս հաշիւին մէջ չկան։ (Հոս նայէ):

Քննադատութիւնն ալ այս մեծամասնութեան, որո՞ւ մասին պիտի ըլլայ, անշուշտ դէպի վեր, ոչ՝ դէպի վար. վերը ո՞վ կայ՝ ինչ որ ղեկավարութիւն։ Նոյն այս ղեկավարութեանց դրական կողմը տեսնող անոնց շառաւիղներն ալ, փոքրաթիւ գովաբանողներն են։ 

Չէզոքները այս հաշիւին մէջ ալ չկան։

Հիմա, հարց՝ որ կեդրոնացումս կը խանգարէ ամէն անգամ որ նման քննադատող, ելոյթ ունենալով սիրտը կը բանայ նուաստիս.- Եթէ ինչ որ ղեկավարութիւն կայ, այդ հոն է ինչ որ մեծամասնութեան մը կամքին իբր արտայայտութիւն, չէ՞: Զօռով, կեղծիքով չէ որ ղեկավարութիւնը ղեկավարութիւն կը մնայ, չէ՞։ Նոյնիսկ մէկ-երկու եթէ այդպէս ըլլայ, երրորդին չ'ըլլար, չէ՞, տեղ մը իսկական մեծամասնութիւնը կը կասեցնէ այդ ընթացքը, չէ՞: է, ինչպէ՞ս ուրեմն, այս մեծամասնութիւնը, որ բազմիցս ընտրած է այդ ղեկավարութիւնը տըրտըրագին կը քննադատէ զայն, հը՞:

Ղեկավարութիւնը իր կարգին ինչ որ հաւաքականութեան մը հայելին է, մանաւանդ եթէ մէկէ աւելի անգամ այդ ապրելաձեւը (ղեկավարելու) ընդունած է կիրառել։ Խօսքը անշուշտ այն վարչաձեւերու մասին է, ուր «ընտրութիւն» կայ, ոչ՝ դիկտադորական (միանձեայ) կամ թագաւորական (աշխարհիկ թէ կղերական)։

Հայելին է, այո՛. (Նայէ նայէ, հոս նայէ). եթէ վատ ղեկավարութիւն կայ, ուրեմն վատ է ընտրութիւն կատարող մեծամասնութեան ընտրութիւնը, իսկ եթէ այդ կրկնուած է քանի մը անգամ (նայէ) այդ մեծամասնութիւնը արժանի է այդ իր հայելի ղեկավարութեան, եւ տըրտըրոցը անոր՝ սոսկ ապրելաձեւ։

Չէզոքները հոս եւս հաշուի չեն առնուիր, ուրեմն, չէզոքութիւնը պարապ բան է։ Եղիր կա՛մ կողմ մինչեւ ծայր, կամ դէմ միչեւ ծայր. չըլլաս ե՛ւ կողմ, ե՛ւ դէմ, այլապէս արժանի կ՚ըլլաս ա՛յս ղեկավարութեան։

Առտու կանուխ, մեր հարեւան Զարուկը «նայէ նայէ» ըսելով, այսքան բան ինչպէ՞ս տեսաւ սուրճի գաւաթս կարդալով, չեմ գիտեր։

Բթամատդ դի՜ր գաւաթին մէջ... (նայէ նայէ) ճամբադ նայէ...։