Յիշեցնենք, որ Նաւալնին ձերբակալուած է 18 յունուարէն: Անոր ձերբակալած էին Պերլինէն Մոսկուա ժամանելուն պէս: 2 Փետրուարին անոր դէմ տեղի ունեցած դատավարութեան ժամանակ որոշում կայացուած է «Իւ Ռոշէ»-ի ֆինանսական խարդախութիւններու գործով սահմանուած 3.5 տարուայ պայմանական ազատազրկումը փոխարինել իրական ժամկէտով: Անոր կը նախատեսուէր ուղարկել խիստ ռեժիմի աշխատանքային գաղութ, ուր պիտի անցընէ 2.8 տարի: