Այս տարուան փետրուարին կեանքէ հեռացած ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի կինը՝ Եուլիա Նաւալնաիան, յայտնած է՝ Ռուսիա վերադառնալու պարագային, պիտի առաջադրուի որպէս նախագահի թեկնածու:
Ան այս մասին պատմած է BBC-ին:
«Իմ նպատակն է մօտեցնել եւ հնարաւոր դարձնել փոփոխութիւնները երկրին մէջ։ Եթէ վերադառնամ Ռուսիա, պիտի առաջադրուիմ որպէս նախագահի թեկնածու», -ըսած է ան։
Բայց քանի դեռ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կը մնայ իշխանութեան ղեկին, Մոսկուա վերադառնալը «դժբախտաբար անհնար է», կարծիք յայտնած է Նաւալնաիան։
Ան ընդգծած է, որ չէ կրցած հայրենիք վերադառնալ նոյնիսկ ամուսինին թաղման` վախնալով ձերբակալուելէ: Այժմ Ռուսիոյ մէջ անոր դէմ քրէական գործ յարուցուած է ծայրայեղական կազմակերպութեան մասնակցելու մեղադրանքով. իշխանութիւնները նկատի ունին անոր ամուսինին հիմնադրած Հակափտածութեան հիմնադրամը։
«Ինծի համար շատ կարեւոր է ըլլալ այն մարդոց կողքին, որոնք աջակցած են ամուսինիս եւ այժմ ալ ինծի կ՚աջակցին։ Ռուսական ընդդիմութիւնը յայտնուած է ծանր վիճակի մէջ: Շատերը վտարուած են, շատերը ընկճուած են, հիասթափուած են... ես՝ ոչ։ Հակառակ իմ կեանքի մէջ տեղի ունեցած բոլոր սարսափելի իրադարձութիւններուն, ես կը հաւատամ, որ օր մը ամէն ինչ պէտք է փոխուի, վաղ թէ ուշ: Ես կը հաւատամ, որ մենք ունինք ընդհանուր թշնամի` Վլատիմիր Փութինը», - եզրափակած է Եուլիա Նաւալնաիան: