ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթընպերկը մարտ 19-ին պիտի այցելէ Հայաստան, այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է դաշինքի մամուլի ծառայութիւնը։
«Մարտ 19-ին պարոն Սթոլթընպերկը պիտի ժամանէ Երեւան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ պարոն Վահագն Խաչատուրեանի եւ վարչապետ պարոն Նիկոլ Փաշինեանի հետ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Տարածաշրջանային այցի շրջածիրէն ներս Սթոլթընպերկը մարտ 18-ին պիտի մեկնի Ատրպէյճան, ուր բանակցութիւններ պիտի վարէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար, զօրավար-գնդապետ Զաքիր Հասանովի հետ:
Նոյն օրը ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը պիտի մեկնի նաեւ Թիլֆիս: Այնտեղ ան պիտի հանդիպի Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի եւ վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէի հետ: