ՆԱԹՕ-ի 15 անդամ երկիրներու դեսպաններէ բաղկացած պատուիրակութիւնը նոյեմբեր 6-7-ը պիտի այցելէ Ատրպէյճան, հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուականները։
Յիշեցնենք, որ սեպտեմբերի սկիզբը ՆԱԹՕ-ի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններն այցելած են Հայաստան։ Այցի ընթացքին անոնք հանդիպած են ՀՀ նախագահի, վարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի հետ։
Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան, ժողովրդավարական կայունութեան եւ Հայաստանի ու Դաշինքի միջեւ գործընկերութեան վերաբերող հարցեր։