image

ՆԱԹՕ-էն ռազմաշունչ յայտարարութիւն

ՆԱԹՕ-էն ռազմաշունչ  յայտարարութիւն

1997-ին կնքուած Ռուսաստան-ՆԱԹՕ հիմնարար ակտը չի խանգարեր դաշինքին իր ծրագրերու իրականացման հարցին մէջ: Այս մասին յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի ռազմական կոմիտէի նախագահ Ռու Պաուերը:

«ՆԱԹՕ-Ռուսաստան ակտը դեռ այստեղ է: Բայց անոր բովանդակութիւնը մեզի չի խանգարեր իրականացնելու մեր ծրագրերը: Այս պահին քաղաքական մակարդակով ընդհանուր կարծիքը այն է, որ մենք չենք սպաններ համաձայնագիր, սակայն այն մեզ ետ չի պահեր մեր կողմէ անհրաժեշտ գործողութիւններէն», ըսած է բարձրաստիճան զինուորականը:

1997 թուականին ստորագրուած Ռուսաստան-ՆԱԹՕ հիմնարար ակտին մէջ, մասնաւորապէս, կ'ըսուի, որ Ռուսաստանն ու ՆԱԹՕ-ն կը դադրին միմեանց համարել որպէս հակառակորդներ եւ կը հրաժարին զգալի ռազմական ուժեր տեղակայելէ միմեանց սահմաններուն մօտ: 2021 թուականի Դեկտեմբերին Ռուսաստանը անվտանգութեան ապահովման առաջարկներ ուղարկած է ԱՄՆ-ին եւ ՆԱԹՕ-ին, որոնք կը ներառէին պահանջներ` օրինական կերպով ապահովել դաշինքի հետագայ ընդլայնման մերժումը դէպի արեւելք, ինչպէս նաեւ վերադարձնել իր ռազմական ենթակառուցուածքը 1997 թուականի սահմաններուն: Յունուարի վերջաւորութեան Ուաշինկթընն ու Պրիւքսէլը Մոսկուային փոխանցած են իրենց գրաւոր պատասխանները, որմէ հետեւցնել, որ Արեւմուտքը Ռուսաստանի համար սկզբունքային զիջումներու չէ գացած: