Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խավիէր Քոլոմինա Փիրիսն անդրադարձած է ուաշինկթընեան քառօրեայ բանակցութիւններուն՝ ընդգծելով, որ ատոնց շնորհիւ զգալի առաջընթաց գրանցուած է։
Այս մասին ան գրած է իր թուիթըրեան էջին։
«Հաճելի է լսել, որ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 4-օրեայ կառուցողական ներգրաւուածութենէ ետք զգալի առաջընթաց գրանցուած է կայուն խաղաղութեան համաձայնագրի ուղղութեամբ: Բանակցութիւններն ու երկխօսութիւնը միակ ուղին են։ ՆԱԹՕ-ն կ'աջակցի մեր երկու գործընկերներու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման»,- գրած է ան։