image

Նաթանիահույի կառավարութիւնը կրնայ փլուզուիլ Wall Street Journal

Նաթանիահույի կառավարութիւնը կրնայ  փլուզուիլ  Wall Street Journal

The Wall Street Journal-ը խօսած է Կազայի դէմ պատերազմի իսրայէլեան երկու նպատակներու անհամատեղելիութեան մասին, այն է՝ Համասի ոչնչացումը եւ գերիներու վերադարձը,  բան մը, որ  կը սպառնայ Իսրայէլի կառավարութեան փլուզման։

  Նիւթը  համադրեց՝  «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր՝ «Ալ Մայատին» 

Ամերիկեան Wall Street Journal-ը հաստատած է, որ Իսրայէլ կը կարծէ, որ հնարաւոր չէ համատեղել Կազայի դէմ պատերազմի իսրայէլեան երկու նպատակները՝ Համասի ոչնչացումը եւ գերիներու վերադարձը։

Պարբերականը պարզաբանած է, որ այս հարցը կ՚ապակայունացնէ միասնութիւնը եւ կը սպառնայ Իսրայէլի կառավարութեան փլուզմամբ. մինչ վերաբնակիչները բաժնուած են երկու կարծիքի՝ այն հարցով, թէ ինչ առաջնահերթութիւն տալ պատերազմի երկու հիմնական նպատակներուն։

Այս ծիրին  մէջ  Wall Street Journal-ը նշած է, որ բաժանման պատճառը, մեծաւ մասամբ  «գաղափարական հիմքերու» արդիւնքն է, նշելով, որ բաժանումները աւելի կը սրին այն ժամանակ, երբ բանակցութիւններ կ՚ընթանան Իսրայէլի եւ Կազայի դիմադրութեան միջեւ՝ գերիներու փոխանակման համար համաձայնութեան յանգելու հարցով։

Թերթը անդրադարձած է անցեալ յունուարին իսրայէլեան հիմնարկին  կողմէ իրականացուած ընդհանուր հարցման արդիւնքներուն եւ  պարզուած է, որ անոնք, որոնք կողմ եղած են գերիներու վերադարձին, քուէարկած են «ձախ» կամ «կեդրոնական» կուսակցութիւններու օգտին, մինչդեռ անոնք, որոնք կողմ եղած են «Համասի ոչնչացման», աջակցած են աջակողմեան եւ կրօնամէտ կուսակցութիւններուն:

Հարցման համաձայն՝ իսրայէլցիներու 47%-ը կը կարծէ, որ իրենց կառավարութիւնը պէտք է առաջնահերթութիւն տայ  գերիներու վերադարձին, մինչդեռ 42%-ը նշած է, որ առաջնահերթութիւնը պէտք է տրուի «Համաս»ը ոչնչացնելուն։

Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախկին ղեկավար Կիորա Այլընտը աւելի վաղ ըսած էր, որ Իսրայէլի առջեւ երկու տարբերակ կայ. «Առաջինը, որ գերիները չվերադառնան, եւ երկրորդը, որ Իսրայէլը պաշտօնապէս եւ գործնականօրէն յայտարարէ «Համաս»ը ոչնչացնելու պատերազմական նպատակէն հրաժարելու մասին»:

Իսրայէլի զինուորական հրամանատարները երկու հիմնական նպատակները, որոնց Իսրայէլ կը փորձէ հասնիլ, որակած են որպէս «անհամատեղելի», քանի որ անոնք համոզուած են, որ Կազայի հատուածին մէջ մնացած գերիներու ազատ արձակումը հնարաւոր կ՚ըլլայ միայն «դիւանագիտութեան, այլ ոչ թէ ռազմական ճանապարհով»։