Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն արտահերթ այցով ժամանած է Ուաշինկթըն, ուր բանակցութիւններ պիտի վարէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Անոր ուղեկցած է կինը՝ Սառա Նաթանիահուն, գրած է newsru.co.il կայքը։
ԱՄՆ ժամանած է նաեւ Իսրայէլի կառավարութեան ղեկավարի ռազմական քարտուղար, զօրավար-մայոր Ռոման Հոֆմանը։
ԱՄՆ այցի եւ Թրամփի հետ բանակցութիւններու մասին Նաթանիահուի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Քաղաքական գործիչները պիտի քննարկեն մաքսատուրքերու, իսրայէլացի պատանդները վերադարձնելու ջանքերու, Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու, Իրանի սպառնալիքի հետ կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ Միջազգային քրէական դատարանին հակազդելու ուղիները։ Վարչապետը կը գնահատէ իր անձնական եւ ջերմ յարաբերութիւնները նախագահ Թրամփի հետ»:
Նշենք, որ Թրամփի վերընտրուելէն ետք Իրանի շուրջ լարուածութիւնը մեծցած է՝ կապուած երկրի միջուկային ծրագրի հետ: Թրամփ կը պնդէ, որ Իրանին կարելի չէ թոյլ տալ միջուկային զէնք ձեռք բերել եւ կը պահանջէ, որ Թեհրան ուղիղ բանակցութիւններ սկսի: Հակառակ պարագային, Թրամփ կը սպառնայ մբակոծել Իրանը: Սակայն պաշտօնական Թեհրանը կը մերժէ ուղիղ բանակցելու պահանջը՝ փոխարէնն առաջարկելով երրորդ երկրի միջոցով անուղղակի բանակցութիւններ: