image

Նաթանիահուն յոյս ունի շուտով հաշտութիւն կնքելու քանի մը արաբական երկիրներու հետ

Նաթանիահուն յոյս ունի շուտով հաշտութիւն կնքելու  քանի մը արաբական երկիրներու հետ

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն կ'ակնկալէ, որ շուտով հրէական պետութիւնը հաշտութեան համաձայնագիրներ պիտի ստորագրէ քանի մը արաբական երկիրներու հետ։ Այս մասին ան ըսած է Newsmax հեռատեսիլային ալիքին տուած հարցազրոյցին։

Իսրայէլի վարչապետը պնդած է, որ Իրանի միջուկային կառոյցներուն հարուածներ հասցնելու բերումով Իրանի միջուկային ծրագիրը «քանի մը տարիով ետ գնաց», թէեւ Թեհրան կրնար «աթոմային ռումբ ստեղծել քանի մը ամսուան ընթացքին»: 

«Մեր արաբ հարեւանները շունչ քաշեցին (խմբ.՝ Իրանի դէմ ռազմական գործողութեան պատճառով): Անոնցմէ քանի մը հատին հետ մենք արդէն հաշտութիւն կնքած ենք եւ քանի մը հատին հետ շուտով հաշտութիւն կը կնքենք» , - ըսած է Նաթանիահուն:

Աւելի վաղ Նաթանիահուն յայտարարած էր, որ Իրանի դէմ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմական գործողութեան արդիւնքները հնարաւորութիւն ընձեռած են Աբրահամի համաձայնագիրներու պատմական ընդլայնման։