Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտնած է, որ ռազմական գրասենեակը, որ ստեղծուած է հոկտեմբեր 11-ին՝ «Համաս»ի եւ «Հըզպալլա»-ի դէմ ռազմական արշաւները կառավարելու համար, պաշտօնապէս լուծարուած է:
Այս մասին The Times of Israel-ին յայտնած են վարչապետի գրասենեակէն։
Նաթանիահուն մանրամասնած է, որ ռազմական գրասենեակի ստեղծումը պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը զբաղցնող Պենի Կանցի հետ դաշնակցաին համաձայնագրի մէկ մասն էր, բայց անոր հրաժարականէն ետք այն այլեւս գոյութիւն չունի:
«Կանցի հեռանալէն ետք այն այլեւս պիտի չգործէ»,- աւելցուցած է վարչապետը։