image

Նաթանիահուի այցն Ատրպէյճան պիտի տեւէ 5 օր

Նաթանիահուի այցն Ատրպէյճան պիտի տեւէ 5 օր

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն մայիս 7-ին պաշտօնական այցով պիտի մեկնի Ատրպէյճան, յայտնած են անոր գրասենեակէն։ Ան պիտի վերադառնայ մայիս 11-ին։

Ընդհանուր առմամբ այցը պիտի տեւէ 5 օր, գրած է timesofisrael.com-ը:

Մայիս 8-ին Նաթանիահուն պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ հրէական համայնքի անդամներու հետ։

Ատրպէյճանը Հաակայի միջազգային քրէական դատարանի կողմ չէ, եւ, հետեւաբար, Նաթանիահուի ձերբակալութեան վտանգ չկայ։

Իսրայէլի վարչապետի այցը պիտի կայանայ Իրան-ԱՄՆ բանակցութիւններու լոյսին տակ։