image
Հրատապ լուրեր:

Նաթանիահու խանդավառ չէ համաձայնութեամբ

Նաթանիահու խանդավառ չէ համաձայնութեամբ

Իսրայէլի վարչապետը յայտարարած է, որ չեն համաձայնիր Կազայի մէջ անժամկէտ հրադադարի հաստատման, քանի դեռ չեն հասած իրենց նպատակներուն՝ պատանդներու վերադարձ եւ Համաս շարժման ոչնչացում: 

Բենիամին Նաթանիահու աւելցուցած է՝ Թել Աւիւ նաեւ պէտք է ապահովէ, որ Կազայի կողմէ Իսրայէլին այլեւս վտանգ չսպառնայ: Անոր խօսքով՝ իսրայէլեան կողմը պիտի շարունակէ պնդել, որ իր պահանջները կատարուին մինչեւ հրադադարի հաստատումը:

Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարած էր, որ Իսրայէլ Քաթարի միջոցով հրադադարի նոր առաջարկ ներկայացուցած է Համասին: