image

Նախընտրական օրակարգով. AKP-ի Թեկնածուն Պոլսոյ Պատրիարքարան այցելեց

Նախընտրական օրակարգով. AKP-ի Թեկնածուն     Պոլսոյ  Պատրիարքարան այցելեց

 Օրերս   Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան այցելած է    իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում»  կուսակցութեան    Իսթանպուլի քաղաքապետութեան   թեկնածու ՝ Մուրատ  Քուրում։

 Այս մասին «Արեւելք»   վերահասու  դարձաւ, Պոլսոյ  մեր  պաշտօնակից ՝«Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս  կը գրէ՝

 

ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Մուրատ Քուրում այս առաւօտ այցելեց Գումգաբու։ Մինչ յառաջիկայ մարտի 31-ին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան ընդառաջ ընտրապայքարը կը խստանայ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ ընդունեց Մուրատ Քուրումը, որուն ընկերացան ԱՔ կուսակցութեան զանազան քաղաքապետներ եւ կուսակցական ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու եւ այլ պատգամաւորներ։

 

Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը Մուրատ Քուրումը եւ ընկերակիցները նախ հիւրընկալեց Պատրիարքարանի մէջ՝ նեղ կազմով։ Այս փուլին ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, հոգեւոր հայրեր եւ քանի մը ազգայիններ։ Նեղ կազմով այս զրոյցէն վերջ այցելութեան ծրագիրը շարունակուեցաւ Պէզճեան սրահին մէջ, ուր համայնքային շրջանակներէն հոծ թիւով ներկայացուցիչներ հաւաքուած էին։ Մուրատ Քուրումի այցելութիւնը այս երկու փուլերու ձեւաչափին մէջ նախատեսուած էր, որովհետեւ այդքան հոծ թիւով մասնակիցները անկարելի էր տեղաւորել Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։

 

Համայնքային ներկայացուցիչները հետաքրքրութեամբ կը սպասէին երկրի իշխանական կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Մուրատ Քուրումի պատգամները։ Արդարեւ, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութիւնը այն մարմիններէն մին է, որմէ ուղղակի կամ անուղղակիօրէն կախում ունի համայնքային հաստատութիւններու բազում խնդիրներու լուծումը։

 

Ստեղծուած վառ հետաքրքրութեան մթնոլորտին մէջ Մուրատ Քուրում ջերմ պատգամներ տուաւ թրքահայ համայնքային շրջանակներուն։ Մեր հաստատութիւններու ղեկավարները անմիջական ուշադրութեամբ ունկնդրեցին քաղաքի վերաբերեալ իր դիտարկումներուն, ծրագիրներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններուն, նաեւ դրական խոստումներուն։ Քուրումի արտայայտութիւնները ընդհանրապէս համահունչ էին նախընտրական ներկայ ժամանակաշրջանի իր յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց ան առանցքային կը համարէ քաղաքի բուն հարցերուն վրայ կեդրոնանալը եւ անոնց լուծման ճանապարհին նպատակասլաց աշխատանքը։ ԱՔ կուսակցութեան թեկնածուն այս բոլոր ուղղութիւններով յաւակնոտ նախագիծեր պատրաստած է եւ մարտի 31-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ կը ջանայ իր շուրջ համախմբում ապահովել։