image

Նախագահ Ռայիսի. «Մենք անդրդուելի ենք»

Նախագահ Ռայիսի. «Մենք անդրդուելի ենք»

Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսին ընդգծած է, որ արգելքն ու սպառնալիքները չեն խոչընդոտեր երկրի յառաջընթացը՝ մատնանշելով, որ Իրանի ժողովուրդը իրեն ապահով կը զգայ տարբեր ոլորտներու մէջ։

Այս յայտարարութիւնները հնչած են Ռայիսիի՝ Հորմոզկան նահանգ կատարած այցի եւ Պանտար Ապպասի առաջին ռազմածովային գօտիին մէջ Յեղափոխութեան պահապաններու ռազմածովային ուժերու նուաճումներու եւ հնարաւորութիւններու ցուցադրութեան ներկայութեան ընթացքին՝ ըսելով, որ «այս ցուցահանդէսը կ'ապացուցէ, որ արգելքը եւ սպառնալիքները չեն խոչընդոտեր երկրին յառաջընթացը»։

Իր խօսքին մէջ Ռայիսին անդրադարձած է ռազմածովային ուժերու հզօր կամքին եւ կարողութեան, ըսելով, որ «այս յեղափոխական ոգիի առկայութեամբ թշնամին ոչինչ կրնայ ընել, եւ այն, ինչ այսօր ուժ տուած է երկրին, ամուր կամքն է»:

Ան յաւելած է. «Իրանի ժողովուրդը կը զգայ երկրին անվտանգութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ, քանի որ չկայ որեւէ շարժում, որ թաքնուած է զինուած ուժերու հերոսներու աչքերէն», անվտանգութիւնը վերագրելով Յեղափոխութեան պահապաններուն ու բանակին, «անոնք քաղաքայիններու սրտին մէջ են եւ ժողովուրդը անոնց հետ շատ մտերիմ յարաբերութիւններ ունի», ինչպէս ան ըսաւ:

Յատկանշական է, որ այցի ընթացքին Ռայիսին հետաքրքրուած է վերջին տասնութ ամիսներու ընթացքին ռազմածովային յեղափոխութեան ուժերու վերջին ձեռքբերումներուն ու հնարաւորութիւնները, մօտէն ծանօթ էր ռազմածովային ուժերու զարգացման: