Մենք շատ լաւ կը հասկանանք, եւ Ռուսիայէն չէ, որ մեզի պէտք է ըսեն, թէ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը եւ Եւրոպական միութեան անդամակցութիւնը անհամատեղելի են։ Այս մասին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը մայիս 19-ին Երեւանի մէջ Լիթվայի ԱԳ նախարարի հետ համատեղ յայտարարութեան ժամանակ։
«Հնարաւոր չէ մենք մնանք Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ եւ դառնանք Եւրոպական միութեան անդամ»,- ըսած է Միրզոյեանը։
Աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած էր, որ Հայաստանը պէտք է վերջնականապէս կողմնորոշուի իր արտաքին քաղաքական ուղղութեան հարցով։ Ան նշած էր, որ Հայաստանը պէտք է որոշում կայացնէ՝ մնա՞լ ԵԱՏՄ–ի մէջ, թէ՞ քաղաքակիրթ ձեւով ապահարզան պահանջել եւ երթալ ԵՄ։
«Մենք չենք պատրաստւում ապահարզան տալ որեւէ մեր գործընկերոջ։ Քաղաքականութիւնը եւ դիւանագիտութիւնը այդպիսի ապահարզաններ առանձնապէս չի ճանաչում պատմութեան ընթացքում»,-ըսած է Միրզոյեանը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ վստահեցուցած է, որ Երեւանը չի պատրաստուիր լարուածութիւն մտցնելու Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն մէջ։
«Մենք գործընկերներ ենք, որոնք կապուած են բազմաթիւ կապերով եւ մենք տրամադրուած ենք առողջ քննարկման միջավայրում, այդ փոխշահաւէտ յարաբերութիւնները զարգացնելուն»,-ըսած է Միրզոյեանը։
Հայաստանի ԱԳ նախարարը չէ թաքցուցած, որ խնդիրներ կան երկու երկիրներու միջեւ, միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ խնդիրներ կան բոլոր հնարաւոր յարաբերութիւններուն մէջ, պարզապէս այդ խնդիրները պէտք է կառուցողական քննարկմամբ լուծումներ գտնեն։ Նախարարը նաեւ նշած է, որ բոլոր կողմերը մեծ յարգանքով կը վերաբերին միւս կողմի այս կամ այն հարցով ինքնուրոյն որոշում կայացնելու իրաւունքին։
«Մեր մօտարկումը Եւրոպական միութեան հետ մենք շարունակելու ենք։ Երբ կը հասունանայ այն պահը, որ մենք պէտք է հենց այդ պահին որոշում կայացնենք լինել այս խմբի, թէ այս խմբի երկրների ընտանիքների անդամ, մենք այդ որոշումը կը կայացնենք, այստեղ որեւէ նորութիւն չկայ եւ կրկին մեզ դրսից չի, որ պէտք է այս մասին ասեն։ Մնացածը մենք բոլոր ուղղութիւններով հակուած ենք դրական, առողջ, փոխադարձ յարգանքի եւ փոխադարձ շահերի վրայ հիմնուած համագործակցութեան շարունակմանը»,-ըսած է Միրզոյեանը։