Մոսկուայի Պասմանեան դատարանը երկու ամիսով կալանաւորած է «Քրոքուս»-ի գործով անցնող անձերէն չորսը՝ Մուհամատ սապիր Ֆայզովը, Ֆարիտունի Շամսետինը, Տալերճօն Միրզոեւը եւ Սաիտ աքրամի Ռաճապալիզոտան։ Ինչպէս յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն՝ յղում ընելով դատարանին, անոնց ցմահ ազատազրկում կը սպառնայ։
Նշուած է, որ անոնք կալանքի տակ պիտի մնան մինչեւ մայիս 22-ը։ Անոնցմէ երկուքը՝ Միրզոեւն ու Ռաճապալիզոտան ամբողջութեամբ ընդունած են իրենց մեղքը։
Ահաբեկչութեան մէջ մեղադրուող Ֆարիտունի Շամսիտինը 25 տարեկան է։ Ան ամուսնացած է եւ ունի 8 ամսական երեխայ: Պաշտօնապէս որպէս բանուոր կ՚աշխատի Փոտոլսքի մանրայատակի գործարանին մէջ։ Գրանցված է Կրասնոգորսկում։
32-ամեայ Տալերճօն Միրզոեւն ունի չորս անչափահաս երեխայ: Ան Նովոսիպիրսքի մէջ երեք ամիսով ժամանակաւոր գրանցում ունեցած է, սակայն այն աւարտած է։
Սաիտ աքրամի Ռաճապալիզոտան 30 տարեկան է, ամուսնացած է, ունի մէկ երեխայ: Ան յայտարարած է, որ Ռուսիոյ գրանցում ունի, բայց չի յիշեր ուր:
19-ամեայ Մուհամատսապիր Ֆայզովը դատարանի դահլիճ տեղափոխուած է անուասայլակով՝ շտապօգնութեան բժիշկի ուղեկցութեամբ, քանի որ ձերբակալութեան ժամանակ վիրաւորուած է։ Ան ժամանակաւորապէս գործազուրկ է, իսկ մինչ ահաբեկչութիւնը վարսաւիր կ՚աշխատէր Իւանովոյի մէջ։
Ահաբեկչութեան մէջ մեղադրուող չորսն ալ Տաճիկստանի քաղաքացի են։
Յիշեցնենք, որ Մոսուայի Crocus City Hall համերգասրահին մէջ մարտ 22-ի երեկոյեան տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետեւանքով վերջին տուեալներով զոհուած է 133 մարդ, այդ շարքին՝ երեխաներ։ Զոհուածներու շարքին կայ նաեւ մէկ ՀՀ քաղաքացի։