image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուայի արեւելեան հատուածին մէջ ծեծկռտուք. Կայ հայ զոհ մը եւ երկու վիրաւորեալներ

Մոսկուայի  արեւելեան   հատուածին մէջ  ծեծկռտուք.  Կայ  հայ զոհ մը եւ երկու վիրաւորեալներ

Մոսկուայի արեւելքը ծեծկռտուքի հետեւանքով մէկ հայ սպաննուած է, եւս երկուքը վիրաւորուած են: Տուժածները, ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, երկուորեակ եղբայրներ են:

Դէպքը տեղի ունեցած է Կիրակի գիշեր` Ռուսաքովսքայա փողոցին մէջ: Ժամը 3:30-ի սահմաններուն «Պաքուի տնակ» ճաշարանին մօտ բախում սկսած է քաղաքացիներուն միջեւ, որ վերաճած է դանակահարութեան: Անոր հետեւանքով ծանր վիրաւորուած են երեք հայաստանցիներ, որոնցմէ երկուքը երկուորեակ եղբայրներ են` 30 տարեկան: Անոնցմէ մէկը յաջորդ օրը մահացած է հիւանդանոցին մէջ, երկրորդը հիւանդանոց կը գտնուի որովայնի վնասուածքով: Երրորդ տուժածը` 31 տարեկան, նոյնպէս ծնունդով Հայաստանէն, կրծքավանդակի վնասուածքով տեղափոխուած է հիւանդանոց:

Յանցագործութիւն կատարելու կասկածանքով կը հետախուզուի կովկասցի, արտաքինով 25-30 տարեկան տղամարդ: Հակամարտութեան դրդապատճառները կը պարզուին: