Մոսկուայի արեւելքը ծեծկռտուքի հետեւանքով մէկ հայ սպաննուած է, եւս երկուքը վիրաւորուած են: Տուժածները, ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, երկուորեակ եղբայրներ են:
Դէպքը տեղի ունեցած է Կիրակի գիշեր` Ռուսաքովսքայա փողոցին մէջ: Ժամը 3:30-ի սահմաններուն «Պաքուի տնակ» ճաշարանին մօտ բախում սկսած է քաղաքացիներուն միջեւ, որ վերաճած է դանակահարութեան: Անոր հետեւանքով ծանր վիրաւորուած են երեք հայաստանցիներ, որոնցմէ երկուքը երկուորեակ եղբայրներ են` 30 տարեկան: Անոնցմէ մէկը յաջորդ օրը մահացած է հիւանդանոցին մէջ, երկրորդը հիւանդանոց կը գտնուի որովայնի վնասուածքով: Երրորդ տուժածը` 31 տարեկան, նոյնպէս ծնունդով Հայաստանէն, կրծքավանդակի վնասուածքով տեղափոխուած է հիւանդանոց:
Յանցագործութիւն կատարելու կասկածանքով կը հետախուզուի կովկասցի, արտաքինով 25-30 տարեկան տղամարդ: Հակամարտութեան դրդապատճառները կը պարզուին: