Պաշտօնական Քիեւը ու անոր արեւմտեան դաշնակիցները կը շարունակեն պնդել՝ Ուքրանիոյ դէմ յարձակման պարագային Մոսկուան շատ ծանր գին պիտի վճարէ։ Նախօրէին, մասնաւորաբար, այդ մասին կը յայտարարէր Ուքրանիոյ արտաքին գործերու նախարար Տմիթրի Քուլեպան։
«Գլխաւոր նպատակը Ռուսաստանի հետագայ յարձակումը զսպելն է։ Մոսկուան պէտք է յստակօրէն պատկերացնէ, թէ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդկային ինչ կորուստներու պիտի բախի յարձակման նոր փուլ նախաձեռնելու պարագային», ըսաւ ուքրանական դիւանագիտութեան ղեկավարը՝ ընդգծելով, սակայն, որ այս պահուն ոեւէ մէկը չի կրնար կանխատեսել, թէ արդեօք Ռուսաստանը իրօ՞ք կը պատրաստուի լայնածաւալ յարձակման անցնելու ուքրանական ուղղութեան վրայ, թէ՞ ոչ։
«Մենք չենք փորձեր հասկանալ, թէ ինչ կը կատարուի Փութինի գլխուն մէջ, այդ անշնորհակալ գործ է։ Անոր հետ մէկտեղ, մենք կ'աշխատինք, որպէսզի Մոսկուայի մէջ հասկնան՝ Ուքրանիոյ դէմ նոր յարձակման համար շատ բարձր գին պէտք է վճարուի, ուստի աւելի լաւ է զերծ մնալ նման քայլէ», նշած է Քուլեպան։