Մոսկուայի մէջ մեկնարկած է Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։
Հանդիպման ընթացքին Լաւրով ըսած է, որ Ռուսիա հետաքրքրուած է, որ ամէն կերպ աջակցի տարածաշրջանին մէջ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման, սահմանազատման, խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման եւ ընդհանուր առմամբ, վստահութեան ամրապնդման, այդ շարքին՝ հանրային կառոյցներու, քաղաքագէտներու եւ օրէնսդիրներու գծով: