image

Մորկընշթերնի խնդրայարոյց համերգը չեղարկուեցաւ

Մորկընշթերնի խնդրայարոյց համերգը չեղարկուեցաւ

Մարտ 11-ին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ սպասուող արտասովոր ռեփըր Մորկընշթերնի (իսկական անունը` Ալիշեր Վալէեւ) մեծ համերգը չեղարկուած է:

Նշենք, որ համերգին մասին յայտարարուեցաւ վերջերս, ու մինչ կազմակերպիչները կը խոստանային «ամենաաղմկայարոյց» համերգը, Ֆէյսպուքի հայ օգտատէրերը զայրացած մեկնաբանութիւններ կը կատարէին՝ ռեփըրը սատանիստ անուանելով, որուն պէտք չէր թոյլ տալ երկիր մտնել:

Յաւելենք, որ չնայած դժգոհութիւններուն, Tomsarkgh.am հարթակին վրայ ազատ տեղեր գրեթէ չէին մնացած: Տոմսերուն արժէքը, ի դէպ, 6-էն 30 հազար դրամ էր:

Ալիշեր Մորկընշթերնը 23-ամեայ յայտնի ռուս ռեփըր է, որ յայտնի դարձած է իր արտառոց կերպարին ու արարքներուն հետեւանքով: Անոր ճակատին «666» դաջուած է: