Թրքական ապրանքները պոյքոթելէ ետք այժմ ալ արաբական ամենամեծ միապետութեան գահաժառանգ Մոհամմատ պըն Սըլմանը կոչ ըրած է Թուրքիոյ մէջ բնակարան գնած իր քաղաքացիներուն վաճառելու այդ գոյքերը:
Ըստ թրքական աղբիւրին՝ արաբական երկրի ղեկավարութիւնը անձամբ կը զանգէ Թուրքիոյ մէջ տուներ գնած իր քաղաքացիներուն ու կը յորդորէ վաճառել անոնք: Ըստ թրքական վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն՝ Իրաքի քաղաքացիներէն ետք Թուրքիոյ մէջ ամենաշատը բնակարան գնող օտարերկրացիները Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացիներն են: Վերջին 5 տարուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ օտարերկրացիներուն վաճառուած է 122 000 տուն։ Գնորդներուն 10,3 %-ը (10 653) կը կազմեն սէուտցիները:
Նշուած է, որ Սէուտական Արաբիոյ ներքին հետախուզութեան ծառայութիւնը սկսած է վերահսկել դէպի արտասահման դրամական փոխանցումները եւ տուգանքներ նշանակած է դէպի Թուրքիա 100 հազար տոլարէն աւելի փոխանցումներ ընողներու նկատմամբ: Թրքական կողմի պնդմամբ՝ սէուտական գլխաւոր հետախուզութեան վարչութիւնը ճնշումներ կը գործադրէ Թուրքիոյ հետ առեւտրական յարաբերութիւններ ունեցող իր գործարարներուն վրայ՝ ստիպելով հրաժարիլ անկէ:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ ալ Սէուտական Արաբիոյ արքայազն Ապտուլրահման պըն Մուսաատ պըն Ապտուլազիզ ալ-Սէուտ յորդորած էր պոյքոթել թրքական ապրանքները: