image

Զօր. Մամլուք Րիատի Մէջ Գահաժառանգի Փոխանորդին Կողմէ Ընդունուեցաւ

Զօր. Մամլուք Րիատի  Մէջ  Գահաժառանգի Փոխանորդին  Կողմէ Ընդունուեցաւ

Սէուտական Արաբիա- Ըստ «Աուքաթ Ալ-Շամ» լրատուական գործակալութեան,«անհաւատալի հանդիպումը» կայացած է: Սուրիոյ ազգային անվտանգութեան գրասենեակի պատասխանատու  Զօր. Ալի Մամլուք այցելած է Սէուտական Արաբիոյ  մայրաքաղաք ու հանդիպած գահաժառանգի փոխանորդին հետ:Գաղտնի ու խիստ կարեւոր այս հանդիպումը կատարուած է ռուսական միջնորդութեամբ: Ըստ նոյն գործակալութեան զրոյցի առանցքը  Սուրիոյ տագնապին  վերջին զարգացումները: Սէուտական կողմը յայտնած է իր վերապահումները «Սուրիոյ իշխանութիւններուն  ունեցած բացայայտ կողմակցութեան  Իրանին եւ Հըզպալլային  ուղղութեամբ»: Նշենք,որ   Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին  19- ը Յունիսին  Մոսկուայի  ընդունած էր Սէուտական  Արաբիոյ  թագաւորին  գահաժառանգի  փոխանորդ  (որը մեծ յաւակնորդ է թագաւորութեան)՝Մոհամմատ Պըն Սալման իշխանը ու  կողմերը քննարկած  էին   յատկապէս  Սուրիոյ տագնապին կապուած խնդիրներ ու մանաւանդ  ահաբեկչութեան   դէմ պայքարի  հեռանկարները:  Հանդիպումին  ծալքերը կարեւոր կը համարուին քանի շատ մը նախագիծներ ու առաջարկներ եղած են կապուած  Իրանի  եւ արեւմուտքի համաձայնութեան, ISIS-ի արեւմտեան հակակաշռութիւնենէն դուրս գալուն ,Եմէնի վրայ Սէուտական յարձակման  մասին  Ռուսիոյ   որդեգրած կեցուածքին  եւ  այլ խնդիրներու առընթեր: