image

Մխիթարեանցի գրողներու նուիրուած ոգեկոչման հանդիսութիւն՝ Բանկալթի Մխիթարեան վարժարանին մէջ

Մխիթարեանցի գրողներու նուիրուած ոգեկոչման հանդիսութիւն՝ Բանկալթի Մխիթարեան վարժարանին մէջ

Բանկալթի Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս, օրերս, դարաւոր կրթօճախին երդիքին տակ տեղի ունեցած է ոգեկոչման հանդիսութիւն մը նուիրուած Մխիթարեանցի գրողներու, որոնք իրենց դրոշմը դրած էին պոլսահայ յետպատերազմեան շրջանի մօտաւորապէս դար մը գրականութեան վրայ։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Բանկալթի Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս 15 Յունուար 2025, Հինգշաբթի երեկոյ դարաւոր կրթօճախին երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման հանդիսութիւն մը նուիրուած Մխիթարեանցի գրողներու։

Երեկոյթին ներկայ էին Մխիթարեան Միաբանութեան Իսթանպուլի Վանատան Հայրեր՝ Գերյ. Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Գերյ. Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Դոկտ. Սարգիս Սիրոբ, ատենապետ Ռաֆայէլ Ալիքի գլխաւորութեամբ Մատակարար Մարմնի անդամները, լիկէոնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ նախակրթութեան ու միջնակարգի տնօրէնուհի Գաթիա Վարկը ու վարժարանին ուսուցչաց կազմը։ Ծնողներ, հին ու նոր աշակերտներ, Մխիթարեանի համակիրներ եւ գրասէրներ եւս փութացած էին հետեւելու ոգեկոչման հանդիսութեան։

Երեկոյթը սկիզբ առաւ լիկէոնէն երկու շնորհալի պարմանուհիներու՝ Արեւ Սիւզմէեանի եւ Նարօտ Ուլուքի ներկաներուն ուղղեալ ողջոյնի խօսքով։ Յետոյ վարժարանի աշակերտները, նաեւ շրջանաւարտներ մէկ առ մէկ յիշատակեցին այն Մխիթարեանցի գրողները, որոնք իրենց դրոշմը դրած էին Իսթանպուլահայ յետպատերազմեան շրջանի մօտաւորապէս դար մը գրականութեան վրայ։ Կենսագրական հակիրճ գիծերով եւ իրենց գրականութենէն վերցուած մէկ կամ մի քանի նմոյշներով աշակերտները ծանօթացուցին գրողները, միշտ յիշեցնելով որ իրենց ներկայացուցածը հսկայ սառցալերան հազիւ տեսանելի մէկ մասն անգամ չէ։ Այս կարգէն յիշատակուեցան Օննիկ Ֆըչըճեան, Գեղամ Սեւան, Մինաս Թէօլէօլեան, Վարուժան Աճէմեան, Զահրատ, Զարեհ Խրախունի, Արայ Կարմիրեան, Խորէն Մանավեան, Վարդ Շիկահեր, Արսէն Ճանեան, Արամ Գամպուրեան ու Ռոպէր Հատտէճեան։ Վերոյիշեալները այն գրական դէմքերն էին, որոնք իրենց աւիշը քաղած էին Մխիթարեանէն եւ իրենց հոգիին մէջ գրականութեան հանդէպ սէրը թրծուած ու ձեւաւորուած էր Մխիթարեանի երբեմնի հայրերու ու կրթական մշակներու շունչին ներքեւ։ 

Գրագէտներէն ոմանց պարագային տղաքը ուղղակի ընթերցեցին անոնց ինքնակենսագրութիւնները, որոնք ի հարկէ պարզ կենսագրականէ մը շատ աւելին կ'արժէին։ Իսկ ոմանց պարագային ալ ընթերցուեցան անոնց մասին գրչեղբօր մը կողմէ գրի առնուած յօդուածները, որոնք տարբեր երանգ մը կը հաղորդէին երեկոյթին, ցոլացնելով դիպուկ ու սրտախօսիկ դրուագներ հեղինակներուն կեանքէն։

Աւարտին կրկին խօսք առնելով խօսնակները յիշեցուցին որ դեռ կան բազմաթիւ կարեւոր անուններ, ինչպէս՝ Հայր Արիստակէս Վարդապետ Պօհճալեանը, Եդուարդ Գովանը, Փասքալ Թէօրէնլին, որոնք եւս գրչի արտադրութիւններով ու հետազօտական աշխատութիւններով իրենց անուրանալի ներդրումը բերած էին Իսթանպուլահայ գրականութեան ու հայ լեզուին։ Նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան Իսթանպուլի Վանատան Հայր՝ Գերյ. Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վարդապետ Էրմէնը ու Պատրիարքական փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, որոնք կրկին իրենց բեղուն գրիչով մեծապէս կը ծառայեն մեր հոգեւոր գրականութեան։

Այս առթիւ ի՞նչպէս երախտագիտական զգացումներով չյիշատակել Ռոպէր Հատտէճեանը, Զարեհ Խրախունին եւ դեռ միւսները, որոնք իրենց գրչեղբայրներուն մասին ալ խօսք հիւսելով, գրիչ շարժելով, վերլուծական յօդուածներ գրի առնելով ա՛լ աւելի հարստացուցին Իսթանպուլահայ գրականութեան բերրի դաշտը« ըսին խօսնակները։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ «Մարմարա» օրաթերթի հաւատարիմ ծառայող, նախկին շրջաններու փոխխմբագրապետուհի Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի, որ մեր գրականութեան երախտաւորներուն հետ կատարած իր հարցազրոյցներով եւ այդ հարցազրոյցները ի մի հաւաքելով կազմած իր հաստափոր հատորով առատ ատաղձ հայթայթած էր տղոց։

Անոնք երախտապարտ էին նաեւ բոլոր Մխիթարեան Հայրերուն, տնօրէն եւ ուսուցիչներուն, որոնք մեր Ոսկեղնիկին հանդէպ անվերջ գուրգուրանքով հասցուցած էին այն ապագայ գրական դէմքերը, որոնք իրենց անուրանալի դրոշմը պիտի դնէին հանրապետական շրջանի հայ գրականութեան վրայ։

Եւ վերջապէս խօսնակները անհուն շնորհակալութիւններ յայտնեցին բոլոր այն գրչի մշակներուն, որոնք արհաւիրքի տխուր օրերէն ետք մոխիրներուն մէջէն վերականգնած էին Իսթանպուլահայ արդի գրականութիւնը եւ զայն բարձրացուցած կրկին Վարուժաններու, Մեծարենցներու, Զարիֆեաններու վայել նախկին ծաղկեալ մակարդակին։ 

«Կը հաւատանք թէ անոնք հիմա Մխիթար Աբբահօր եւ իր շառաւիղներուն միացած երկնքի մէջ եւս կազմած են Մխիթարեանցի գրողներու հսկայ հոյլ մը։ Լոյսերու մէջ հանգչին բոլորն ալ։ Տէրը երկնային անթառամ պսակներու արժանացնէ անոնց բարի հոգիները» եզրակացուցին խօսնակները, իրենց խոնարհումը բերելով այդ տիտան անուններու հոյակապ վաստակին առջեւ։

Խօսնակներուն այս սրտայոյզ արտայայտութիւններէն ետք բարձրախօսը յանձնուեցաւ Բանկալթի Մխիթարեան վարժարանի 200ամեակի տօնակատարութիւններու Կարգադիր Յանձնախումբի ատեանպետ Արսէն Գովանին, որ միեւնոյն ժամանակ սոյն երեկոյթին մտայղացողն էր։ Արսէն Գովան յայտնեց իր գոհունակութիւնը այս ձեռնարկին կեանքի կոչման առթիւ եւ շնորհաւորեց վարժարանին տնօրէնութիւնը, ուսուցիչները եւ աշակերտները։

Իսկ երեկոյթին հուսկ բանքը կատարեց Գերյ. Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։ Վարդապետը սրտանց շնորհաւորեց տղաքը, որոնք հայերէնով ոգեկոչած էին իրենց նախնիները եւ ներկաներուն առիթն ընծայած կրկին ու կրկին յիշելու Մխիթարեանէն հասած այն կարեւոր անունները ու մաղթեց որ ապագային եւս այս կրթօճախէն հասնին նման մեծ արժէքներ։ Այսպէս՝ 15 Յունուար 2025, Հինգշաբթի իրիկունը բոլոր ներկաներուն եւ մանաւանդ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն համար դարձաւ Մխիթարեանցի գրողներու մեծ վաստակը ընկալելու ու գնահատելու տեսակէտէ անմոռանալի երեկոյ մը։