Մխիթարեաններու հաւաք Վենետիկի մէջ
Ուրախութեամբ վերահասու դարձանք, որ Մխիթարեան Միաբանութեան (Վենետիկի) հայրերու հաւաք մը գոյացած է Վենետիկի մէջ։
Հաւաքին նախագահած է վերջերս Վատիկանի Սուրբ Աթոռի Քահանայապետի թելադրութեամբ Միաբանութեան մօտ յատուկ պատուիրակ նշանակուած Մաուրիցիոյ Մալվեսթիթի Արքեպիսկոպոսը։
Կը ներկայացնենք այս առթիւ «Արեւելք»ին յղուած հակիրճ լրատւութիւնը։
Ս. Ղազար Մխիթարեան Մայրավանքին մէջ, Յուլիս 11-էն 15, գլխաւորութեամբ Մխիթարեան միաբանութեան Քահանայապետական Պատուիրակ Արքեպիսկոպոս Մաուրիցիոյ Մալվեսթիթիի, տեղի ունեցաւ ընդհանուր հաւաք, մասնակցութեամբ Մխիթարեան Հայրերուն, որոնք ժամանած էին Աւստրիայէն, Լիբանանէն, Հայաստանէն, Պոլիսէն եւ Ֆրանսայէն։
Հայրերը սիրով հիւրընկալեցին Արեւելեան Եկեղեցիներու Գերատեսչութեան Նախագահ Ծիրանաւոր Լիոնարտոյ Սանտրին եւ ենթաքարտուղարը Հ. Ֆլաւիոյ Փաչէն։
Ծիրանաւորը ժողովական Հայրերուն վստահեցուց Ս. Աթոռի աջակցութիւնն ու հոգատարութիւնը Մխիթարեան Միաբանութեան հանդէպ իր վերանորոգման ճանապարհին՝ որ պիտի առաջնորդէ ընտրական ընդհանուր ժողովին։
Ժողովական հայրերը արդիւնաւէտ հանդիպումներու ընթացքին, Ս. Աթոռի ցուցմունքներու հետեւելով, փափաքը յայտնեցին Միաբանութեան համակիր հոգելից եւ մասնագիտացած աշխարհականներ ներգրաւել Մխիթարեան առաքելութիւններու եւ գործունէութեան մէջ։ Վերատեսնուեցան Սահմանադրութեան որոշ կէտեր, ներկայացուեցաւ մատակարարական ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր առաքելավայրի գործունէութիւնը եւ տնտեսական կացութիւնը, քննարկուեցան առաջարկներ նոր կոչումներ ձեռք բերելու, նոյնպէս անդրադարձ կատարուեցաւ թեկնածուներու կրօնաւորական կեանքի կազմաւորման ընթացքի ծրագիրներու շուրջ։