image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութ. ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը այցելած է Մխիթարեան Հայրերու վարժարան

Պէյրութ. ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը այցելած է Մխիթարեան Հայրերու վարժարան

Գլխաւորութեամբ Ալպեր Պալապանեանի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն ներկայացնող  պատուիրակութիւն մը, օրերս, այցեալծ է Մխիթարեան Հայրերու Ռաուտայի վարժարան եւ ընդունուած ընդհանուր տնօրէն՝ Հայր Կորիւն Նարեկ Ճէնանեանի կողմէ։

Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ վարժարանի առօրեայ աշխատանքներուն եւ մարտահրաւէրներուն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ վարժարանի դիմատետրեան էջէն՝

Մխիթարեան Հայրերու Ռաուտայի վարժարանի ընդհանուր տնօրէն՝ Հայր Կորիւն Նարեկ Ճէնանեան, Երեքշաբթի 11 Նոյեմբեր 2025ին, ընդունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան այցը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Ալպէր Պալապանեան, որուն կ՚ընկերակցէին Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ՝ նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Արծիւ Տէր Խաչատուրեան: 

Վարժարանիս ընդհանուր տնօրէն Հայր Ճէնանեան կարեւոր եւ օգտաշատ նկատելով այս այցը, ներկայացուց վարժարանի պատմական ընթացքը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ անոր ներկայ գործունէութեան։

Իր կարգին, Պալապանեան յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն է ծանօթացումի եւ քննարկումի առիթ ստեղծել, միաժամանակ մօտէն ծանօթանալ վարժարանի առօրեայ աշխատանքներուն եւ յարատեւ մարտահրաւէրներուն։

Ապա, պատուիրակութիւնը շրջագայեցաւ դպրոցի զանազան բաժանմունքներու մէջ աւելի մօտէն իրազեկ դառնալով վարժարանիս գործունէութեան։