image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ. Միրզոյեան -Պոնօ քննարկում

Երեւանի մէջ. Միրզոյեան -Պոնօ քննարկում

Մարտ 13-ին արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօն։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդմամբ՝ հանդիպման քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգային իրավիճակին վերաբերող հարցեր։ Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, այդ շարքին՝ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ քննարկումներուն:

«Նախարարը զրուցակցին է ներկայացրել վերջին զարգացումները՝ ընդգծելով ՀՀ դիրքորոշումներն առանցքային հարցերի շուրջ: Մասնաւորապէս, շեշտուել է 1991թ. Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչմանը հաւատարմութեան եւ սահմանազատման հետագայ գործընթացն Ալմա-Աթայի հռչակագրի, ամուր իրաւական հիմքեր ունեցող քարտէզների հիման վրայ իրականացնելու կարեւորութիւնը: Տարածաշրջանային կապուղիների ապաշրջափակման համատեքստում Արարատ Միրզոյեանը վերահաստատել է գործընթացը հանրաճանաչ սկզբունքների՝ ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան ու հաւասարութեան հիման վրայ կեանքի կոչելու հարցում ՀՀ հետեւողական մօտեցումը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Միրզոյեանն ու Պոնօն միտքեր փոխանակած են նաեւ ՀՀ-ԱՄՆ երկկողմ քաղաքական երկխօսութեան օրակարգի եւ գործընկերութեան հետագայ զարգացման հարցերու շուրջ: